
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 1ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան Կրօնական ժողովի հանդիպում՝ մասնակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներուն։
Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ տրուեցան միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց, ծիսական ու սրբադասման յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ կրօնական բնոյթ ունեցող այլ հարցերու գծով։ Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քեսապի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող աշխատանքներուն։
Ժողովին ընթացքին ճշդուեցան հետեւեալները.
ա. Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքը կատարել Կիրակի, Յուլիս 19, 2015ին, Պիքֆայայի Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:
բ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ դէպի Անթիլիաս (Յուլիս 13-20, 2015)։
գ. Յատուկ կարեւորութեամբ շարունակել ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քեսապի օժանդակութեան աշխատանքները՝ թեմերէն ներս։
դ. Նորին սրբութիւնը յայտնեց, որ Մայիսի սկիզբը հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս Պահրէյնի պետութեան կողմէ կազմակերպուած միջկրօնական համագումարին։ Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ Յունիսի սկիզբը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ ու հանդիպում ունենայ Ֆրանսիս Ա. պապին հետ:
Յայտնենք, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 3ի առաւօտեան, վեհափառին նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ընդհանուր ժողովին։ Վեհափառի պատգամէն ետք, Տնօրէն ժողովը իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ, ապա տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր քննարկում՝ միաբանութեան կեանքին ու առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։ Միաբանական ժողովը նաեւ պիտի վաւերացնէ Միաբանական Կանոնագրութիւնը, որ ենթարկուեցաւ որոշ բարեփոխումներու:
Միաբանական ընդհանուր ժողովի օրակարգի հիմնական հարցը պիտի ըլլայ դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ճամբով լուսարձակի տակ բերել վերջին հարիւր տարիներուն մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութիւնը, յատկապէս՝ շեշտելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին առնչուած յատկանշական դէպքերը Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր:
Միաբանական ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքներուն աւարտին պիտի հրապարակէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քեսապի գծով յայտարարութիւն մը: