ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ին հաղորդեց, թէ Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Սերկէյ Ստեփաշին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանաւոր ուղերձը՝ քեսապահայութեան վերաբերեալ:
Փութինի ոչ պաշտօնական բանագնացը «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ Ասատի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է ահաբեկիչներու գործողութիւններէն տուժած սուրիահայութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ:
Ստեփաշին աւելցուցած է, թէ անթոյլատրելի է տեղի ունեցածը եւ զայն նկատած է հայերու Ցեղասպանութեան կրկնութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.