
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանեան բանակը Երեքշաբթի, Ապրիլ 1ին սկսաւ Թրիփոլիի մէջ գործադրելու կառավարութեան վաւերացուցած ապահովական ծրագիրը, որուն նպատակն է վերջ տալ քաղաքի ալաուի եւ սիւննի շրջաններուն միջեւ զինեալ ընդհարումներուն:
Իր կատարած ներխուժումներուն ընթացքին, բանակը Երեքշաբթի օր ձերբակալեց մօտաւորապէս 75 օրինազանցներ, որոնցմէ 27ն սուրիացիներ եւ պաղեստինցիներ էին:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը զէնքեր գրաւած է, ինչպէս նաեւ ձերբակալումներ եւ խուզարկումներ կատարած Ժապալ Մըհսենի եւ շարք մը այլ շրջաններու մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը վերջ տուած է զինեալ բոլոր երեւոյթներուն, ինչպէս նաեւ վերցուցած է աւազապարկերէ կառուցուած պատնէշները եւ ճամբու արգելքները:
Բանակը ներխուժեց նաեւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտի բնակարանը, ուր ոչ ոք կը գտնուէր: Հոն գրաւուած է լուսանկարչական եւ անթել հաղորդակցութեամբ գործող սարքեր:
Չորեքշաբթի օր, բանակը շարունակեց ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը եւ մուտք գործեց մեծամասնութեամբ սիւննիներով բնակեցուած Պապ Թըպպանէ շրջանը, ուր Երեքշաբթի օր բողոքի ցոյց մը կատարուած էր բանակին դէմ: Ցոյցին մասնակիցները հաստատած էին, թէ իրենք միայն Աստուծոյ առջեւ կը խոնարհին:
Չորեքշաբթի օր բանակը աւելի քան 20 յաւելեալ յանցագործներ ձերբակալած է:
Սակայն, Թրիփոլիի մէջ ընդհանուր հանդարտութիւն մը կը տիրէ եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ՛ողջունէ կայունութիւնը պարտադրելու եւ զինեալ բախումները կասեցնելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն քայլերը:
Կը հաղորդուի, թէ նախքան ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը, մեծ թիւով զինեալներ ու յանցագործներ լքած են Թրիփոլին եւ փախուստ տուած շրջանէն:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ, անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին՝ յայտնեց, որ ապահովական այդ ծրագիրին նպատակը կողմնակալութիւն կատարել չէ եւ աւելցուց, որ ապահովութիւնը խախտող իւրաքանչիւր կողմ հաշուետուութեան ենթակայ է:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին ամէնէն ծիծաղելի բաժինը այդ է, որ բանակը դէպի Թրիփոլի ուղղուելու մասին զգուշացուցած է եւ կանխաւ տեղեակ պահած զինեալ ճակատներու պատասխանատուները: