ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ տեղական ընտրութիւնները աւարտեցան երկու գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն՝ «Հանրապետական ժողովրդային»ին եւ «Ազգայնական շարժում»ին, պարտութեամբ։ Երկու կուսակցութիւններուն նախագահները՝ Քեմալ Քըլըճտարօղլու ու Տեւլեթ Պահչելի, սխալեցան իրենց ենթադրութիւններուն մէջ։ Ընտրարշաւի ճառախօսութիւններուն ընթացքին, երկու ընդդիմադիր կուսակցապետներուն դիմաց հաւաքուած ծովածաւալ բազմութիւններուն պատկերները չարդարացուցին իրենք զիրենք, որովհետեւ այդ բազմութիւններուն քուէները երեւան չեկան քուէարկութեան օրը։ Երկու կուսակցութիւններուն պարտութիւնը ցնցիչ էր. երբ կը հրապարակուէին ընտրութիւններու արդիւնքները, շատեր կը մտածէին, թէ մասնաւորաբար Քըլըճտարօղլու պիտի չկարենար դիմադրել այս պարտութեան ու պիտի հրաժարէր:
Սակայն, երկու կուսակցապետներն ալ իրենց յայտարարութիւններով յայտնի դարձուցին, որ այս պարտութիւնը զինաթափ պիտի չընէ զիրենք։
Ընտրութեան արդիւնքը կասկածի տակ առնելով՝ Քըլըճտարօղլու յարձակողական բառերով ասպարէզ կարդաց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, քննադատեց անոր յաղթանակի ճառախօսութիւնը ու խնդալով ըսաւ, որ անհիմն է այն տարաձայնութիւնը, թէ ինք պիտի հրաժարի։ «Պիտի չհրաժարիմ ու պիտի պայքարիմ մինչեւ, որ արթնցնեմ քնացող խղճմտանքները», աւելցուց ան:
Իր կարգին, Պահչելի, որ միշտ աւելի զգուշաւոր լեզու կը գործածէ, ընտրութիւններու արդիւնքը մեկնաբանեց՝ շարունակ օրակարգի վրայ պահելով կառավարութեան ապօրինութիւններուն ու կաշառակերութեանց պնդումները եւ ըսաւ, թէ ի՛նչ ալ ըլլան ընտրութիւններուն արդիւնքը, իշխող կուսակցութիւնը ցարդ չէ կրցած ինքզինք մաքրագործել իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւններէն։
Այս բոլորը մասամբ գաղափար մը կու տան այն մասին, թէ ապագայ օրերուն ի՛նչ ուղղութիւն պիտի առնէ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքը։ Սխալ է սպասել յարաբերական հանդարտութիւն մը։ Նախաընտրական շրջանի հակամարտութեան մթնոլորտը պիտի շարունակուի ընտրութենէն ետք եւս։
Յայտնենք, թէ վերջին քանի մը օրերուն, Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ ցոյցեր տեղի ունեցած են ընտրութեանց արդիւնքին դէմ: Ցուցարարները հարցականի տակ կ՛առնեն յատկապէս կարգ մը շրջաններու ընտրութեանց օրինականութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.