ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ին, Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը, հաստատելով շաբաթ մը առաջ թրքական այլ ատեանի մը որոշումը՝ վճռեց, թէ համացանցային «Թուիթըր» ցանցի գործածութեան արգելակումը խօսքի ազատութեան ոտնակոխում կը նշանակէ, եւ պահանջեց հեռահաղորդակցութեան նախագահութենէն եւ այլ պատասխանատու մարմիններէն, որ անմիջական քայլերու դիմեն՝ ջնջելու համար արգելքը, որ երկու շաբաթ առաջ պարտադրուած էր իշխանութեանց կողմէ:
Նշենք, որ թրքական ատեան մը անցեալ շաբաթ վճռած էր, թէ կառավարութիւնը պէտք է վերցնէ «Թուիթըր»ի դէմ դրուած արգելքը, որ որդեգրուած էր ընկերային այդ ցանցը «արմատախիլ» ընելու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքէն անմիջապէս ետք: Ատեանը յիշեցուցած էր, թէ նման քայլ մը խոտոր կը համեմատի ազատ արտայայտուելու եւ հաղորդակցելու իրաւունքներուն, որոնք կը պաշտպանուին Թուրքիոյ եւ եւրոպական օրէնքներով: «Թուիթըր»ի պատասխանատուները այս ցանցը հեռաձայններու եւ հաղորդակցական այլ գործիքներու միջոցաւ օգտագործելու մասին տեղեկութիւններ փոխանցած են իրենց յաճախորդներուն՝ շրջանցելու համար նշեալ արգելքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.