«Դուն Իրե՛ն Դիմէ»
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Բոլորն ալ Ադամի ծնունդներ ըլլալով հանդերձ, մարդոց տեսականին շատ աւելի ճոխ է: Ասիկա անշուշտ կարելի չէ՛ համեմատել կենդանական տեսականիներուն, որոնց մէկ տեսակին մէջ իսկ բազմաթիւ տարբերութիւններ կը յայտնաբերեն մասնագէտներ:
Մարդոց տարբերութիւնները մանաւանդ փոխյարաբերական կեանքի ու շրջապատին հետ վարուելու պարագային մեծ կ՛ըլլան, որովհետեւ կարելի է ըսել, թէ ամէ՛ն մարդ իր մօտեցումը ունի այս իմաստով:
Ինքնավստահութեան պակասի հետեւանքով, ոմանք յաճախակի օժանդակութիւն կը փնտռեն իրենց շուրջ գտնուողներէն: Երբեմն չկարենալով նոյնիսկ իրենց անձնական խնդիրներուն համար որոշում կայացնել, ընկերներու, բարեկամներու եւ ծանօթներու խորհուրդներուն կը դիմեն անոնք:
Օժանդակութեան համար երբ ընտրութիւն պիտի կատարեն, շատ իմաստուն ու գիտակից որոշումներ կ՛առնեն վերոյիշեալ մարդիկ: Անոնք բնա՛ւ չեն դիմեր տկար, հեղինակութենէ զուրկ, նիւթապէս խեղճ ու տկարամիտ մարդոց: Ընդհակառակը, անոնցմէ ամէնէն խեղճն իսկ գիտէ ընտրել զօրաւոր, հարուստ, հանրածանօթ ու կարեւոր անձնաւորութիւնները եւ անոնց կը դիմէ իր նեղութեան մէջ:
Այս դիմումը կատարողները բնականաբար կարիքաւորներ են, նեղութեան ու դժուարութիւններու մէջ յայտնուած մարդիկ են, որոնք նոյնիսկ «ջուրը ինկած ըլլալով՝ օձին փաթթուել»ու ալ ցանկութիւն կը յայտնեն, պարզապէս դուրս գալու համար զիրենք տագնապեցնող ու մտահոգիչ կացութենէն:
Վերոյիշեալ մարդիկ նաեւ կը մոռնան աղօթել, որովհետեւ ըստ իս, աղօթելը գիտակից մարդու գործ է, նոյնիսկ եթէ կոյր հաւատքով կատարուի այդ: Իսկ այս մարդիկ շատ աւելի կը վստահին հեղինակաւոր մարդոց, քան Ամենակարող Աստուծոյ…
Աստուծոյ չմօտենալուն մէջ վախի զգացում ալ չունին անոնք, որովհետեւ խեղճութիւնը այնքան ցած մակարդակի վրայ կը գտնուի ասոնց պարագային, որ այդ վախի զգացումն ալ գոյութեան չի՛ գար: Որովհետեւ եթէ Աստուծոյ հզօրութենէն ու նոյնիսկ յանդիմանելու կամ պատժելու սպառնալիքէն եթէ գար այդ վախը, գէթ անոնք գիտակցութիւնը կ՛ունենային դիմելու Աստուծոյ կողմէ սիրուած եւ փառաց պսակին արժանացած սուրբերուն: Սակայն, կը տեսնենք որ սուրբերու բարեխօսութեան, կամ այլապէս աղօթքով անոնց դիմելու գիտակցութենէն ալ զուրկ են ասոնք: Ուրեմն, ասոնց միակ յոյսը կախեալ կը մնայ հանգամանաւոր մարդոց կարողութենէն, որոնց կը դիմեն ամենայն վստահութեամբ ու ողոգալից խնդրանօք:
Համբաւաւոր մարդիկը ընտրող ու անոնց օգնութեան դիմող անձեր երկու երեւոյթներ նկատի չեն ունենար առհասարակ.
ա. Այն թէ, իրենց քրիստոնէական վարքի ճամբով անմահացած սուրբերր ո՛չ միայն կեանքի սովորական դժուարութիւններէ անցած են, որոնց մէջէն իրենք կ՛անցնին հիմա, այլ՝ շատ աւելի ծանր ու սահմռկեցուցիչ փորձութիւններ դիմակալած են, ու շատերն ալ նահատակութեամբ կնքած իրենց երկրաւոր կեանքը: Ուրեմն, եթէ փրկութեան ելք կամ խորհուրդ է փնտռուածը այս կեանքին համար, ամէնէն աւելի անո՛նք կրնան օգնել մեզի եւ ուղեցոյց դառնալ մեր կեանքին: Տասներեք տարիներ Խոր Վիրապին մէջ ճգնած մեր հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, եթէ օրական միայն քանի մը ժամ մտածեց իր կրած նեղութիւններուն մասին, մեզմէ շատերուն կրած երբեմն քանի մը տարուան, ամսուան շաբթուան, օրուան կամ ժամուան նեղութիւններուն մասին կրնա՛յ ըսելիք ունենալ, կամ գէթ՝ համբերելու կերպեր ուսուցանել մեզի: Բայց այսքանին համա՛ր ալ գիտակցութիւն կը պահանջուի, այլապէս եկեղեցւոյ հնագոյն դարաշրջաններէն մինչեւ նորագոյն ժամանակներու սուրբերը կը դառնան իրենց ժամանակին մէջ սահմանափակուած ու նահատակութեամբ ալ իրենց կեանքը աւարտած սովորական մահկանացուներ:
բ. Անոնք կը մոռնան նաեւ, թէ իւրաքանչիւր մարդ արդէն ինք իր մտահոգութիւններն ու առօրեայ դժուարութիւնները ունի, եւ ներկայ խճողուած կեանքին մէջ հազուագիւտ են ուրիշին օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութիւն ունեցող անձերը:
Դեռ, իւրաքանչիւր մարդ նեղութեան տոկալու եւ ի՛ր թէ ուրիշներու վիշտերը կրելու կարողութեան որոշ չափ մը ունի: Ոմանք տխուր նիւթեր լսել իսկ չեն ուզեր եւ կը խնդրեն խօսակիցէն փոխել նիւթը: Իսկ նման դժբախտութիւններ երբ իրենց կեանքին մէջ պատահին, արդէն հոգեպէս փուլ կու գան ու երբեմն չեն իսկ կրնար վերականգնիլ:
Ուրեմն, ինչո՞ւ դիմել մարդոց օժանդակութեան, երբ անոնց կարողութեան չափը, նեղութիւններու տոկալու սահմանափակ կարողութիւնը ու օժանդակելու հնարաւորութիւնները ծանօթ են բոլորին:
_ Դուն Իրե՛ն դիմէ…
Այո՛, պէ՛տք է լսել այս խորհուրդը, որ փորձառութենէ եկող կոչ է հաւատացեալ մարդոց ուղղուած: Արդէն անոնք, որոնք հեռու են եկեղեցիէն, սուրբերու կեանքէն, սուրբ հաղորդութենէն ու ընդհանրապէս հոգեւոր միջավայրէ, չե՛ն կրնար լսել այս խորհուրդը, ինչքան ալ խոշոր ականջներ ունենան իրենց «իմաստուն» գլխուն երկու կողմերուն ամրացուած: Ատոնք միայն կը ծառայեն չար խորհուրդներ լսելու եւ նաեւ բազմապատկելու զայն սեփական դատողութեամբ:
Աստուծոյ դիմելու իմաստութիւնը անհաւատ մարդոց ո՛չ միայն հետաքրքրութեան սահմաններէն դուրս է, այլ՝ կարողութենէն ալ վեր է: Որովհետեւ անհաւատ մարդը նաեւ հոգեւոր խլութեամբ կը յատկանշուի, եւ չի՛ կրնար լսել «Դուն Իրե՛ն դիմէ» բարի խրատը: «Դիմել»ու համար անոր ընտրած անձերը կա՛մ հարուստներ պէտք է ըլլան, կա՛մ յաջողակ մարդիկ, կա՛մ հանգամանաւոր եւ կամ հեղինակաւոր մարդիկ: Որովհետեւ անոնց նպատակը ո՛չ թէ անպայման բարի ճամբաներով տեղ հասնիլ է, այլ՝ շահու վրայ հիմնուած բարեկամութիւններով ու դաշինքներով շուտով իրենց նպատակը իրագործել է:
Երբեմն այդպիսիներու ժամանակաւոր յաջողութիւնը տեսնելով, յուսահատող մարդոց ալ պէտք է յիշեցնել նոյն խրատը.
_ Դուն Իրե՛ն դիմէ:
Անոր դիմողը թէեւ ժամանակաւոր ուշացումներ ալ ունենայ, սակայն անպայմա՛ն կը հասնի ըղձալի արդիւնքին՝ յաջողութեան, միշտ արդար ճանապարհներով…