
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Ազատութիւն».– «Մենք պարտաւոր ենք բանակը բացել մեր հասարակութեան առջեւ։ Այդ առումով բաւականին յաջողութիւններ ունենք, այդ քայլերն արւում են Հայաստանի Հանրապետութիւնում իրականացուող բարեփոխումների համատեքստում», յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեանը՝ «Երիտասարդական քաղաքականութիւն. հիմնախնդիրներից մինչեւ լուսաբանում» խորագիրով եռօրեայ համաժողովին ընթացքին:
Խօսելով բանակ-հասարակութիւն, բանակ-լրատուամիջոցներ կապերուն մասին՝ Սէյրան Օհանեան շեշտած է, որ վերջին տարիներուն բաւական լուրջ աշխատանք կատարուած է բանակը հասարակութեան համար աւելի թափանցիկ, բաց դարձնելու ուղղութեամբ: Ան կարեւոր նկատած է բանակային իրականութիւնը լուսաբանող լրագրողներուն աշխատանքը եւ ճիշդ տեղեկութեան ներկայացումը: «Ցանկացած ոչ ճիշդ տեղեկութիւն կարող է ազդել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնների կերպարի վրայ», շեշտած է ան։
Սէյրան Օհանեանի դիտարկմամբ՝ տեղեկատուական պատերազմները ընդհանուր քաղաքական եւ ռազմական պատերազմներու հանգրուաններէն են: «Տեղեկատուական պայքարը շարունակւում է ինչպէս իւրաքանչիւր պատերազմի ընթացքում, այնպէս էլ ռազմական գործողութիւնների աւարտից յետոյ: Տեղեկատուական պայքարի միջոցով կարելի է ամրապնդել յաղթանակները կամ էլ արդարացնել թերութիւնները, պարտութիւններն ու բացթողումները: Ճիշդ իրականացման դէպքում դրանք կարող են կանխել ռազմական գործողութիւններ, կարող են նաեւ արագացնել մարտական գործողութիւնները», յայտնած է ան։
Նախարարը նաեւ անդրադարձած է բանակին մէջ անձերուն միջեւ յարաբերութեան վերաբերող խնդիրներուն՝ շեշտելով, որ այդ յարաբերութիւններուն մէջ առաջին թշնամին փողոցային, արատաւոր բարքերն են: Ըստ անոր՝ հայկական բանակը պէտք է առանձնանայ իր անհատական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակով եւ միասնականութեամբ:
«Ես արգելել եմ բանակում կիրառել այն միտքը, թէ մենք հասարակութեան հայելին ենք: Մենք հասարակութեան մի մասն ենք եւ պէտք է օրինակ դառնանք նրա համար», ըսած է Օհանեան՝ ընդգծելով, որ ներկայ դրութեամբ բանակին մէջ հասած են այնպիսի մակարդակի, որ «էապէս նուազել են միջանձնային յարաբերութիւնների հետեւանքով կորուստները»: