ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի բոլոր 11 վարչական շրջաններուն մէջ բազմաբնակարան շէնքերու բնակարաններուն եւ սեփական տուներուն միջին գիները բարձրացած են: Յատկապէս Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ բնակարաններու մէկ քառակուսի մեթրին գինը Փետրուարին՝ նախորդ տարուան նոյն ամսուան հետ բաղդատելով, աւելցած է 0.9 տոկոսով եւ հասած 428 հազար դրամի, Նոր Նորքի մէջ՝ 2.8 տոկոսով եւ դարձած 252 հազար դրամ:
Փետրուարին բազմաբնակարան շէնքերու բնակարաններուն մէկ քառակուսիին ամէնէն ցած գինը արձանագրուած է Մալաթիա-Սեբաստիոյ մէջ՝ 242 հազար դրամ (նախորդ տարուան Փետրուարի հետ բաղդատելով՝ սղած է 2.7 տոկոսով) եւ Նուբարաշէնի մէջ՝ 154.9 հազար դրամ (սղած է մօտ 6 տոկոսով):
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, Փետրուարին սեփական տուներուն գիները եւս բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ աւելցած են միջինը 3-4 հազար դրամով: Ամէնէն սուղ տուները կը գտնուին Կեդրոնը՝ 476.1 հազար դրամ, մէկ քառակուսի մեթրի համար, ապա Արաբկիրի մէջ՝ 383 հազար դրամ եւ Քանաքեռ-Զէյթունի մէջ՝ 295 հազար դրամ:
Փետրուարին սեփական տուներու մէկ քառակուսի մեթրի ամէնէն ցած գինը մայրաքաղաքին պարագային արձանագրուած է Նուբարաշէնի մէջ՝ 150.5 հազար դրամ, Մալաթիա-Սեբաստիոյ՝ 238 հազար դրամ եւ Աջափնեակի՝ 250.050 հազար դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.