ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրաւիրած է մասնակցելու «Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատը: Ցեղասպանութիւն, փախստականներ եւ մարդասիրական օգնութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին համաձայն՝ գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 21-22 Ապրիլին։
Գիտաժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է «Պատերազմ եւ ցեղասպանութիւն», «Ռուս զինուորականները՝ որպէս ցեղասպանութեան վկաներ», «Զինուորական լուսանկարիչները եւ «մոռացուած պատերազմ»ի Կովկասեան թատերաբեմի կինոժամանակագրութիւնը» նիւթերով: Պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստանի մէջ հնագիտական եւ ազգագրական հետազօտութիւններուն, մարդասիրական օգնութեան, գաղթականներու, ինչպէս նաեւ Կովկասեան ռազմաճակատին ընթացքին բարեսիրութեան վերաբերող թեմաներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.