ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է Ֆութպոլի միջազգային միութիւններու համադաշնութեան (ՖԱՄՀ) պատուիրակութիւնը՝ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սաշա Տիւրքոփի գլխաւորութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ ՖԱՄՀ միջեւ համագործակցութեան շարունակութեան եւ խորացման վերաբերեալ։ Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Շուէտի մէջ կայանալիք ՖԱՄՀ աշխարհի ախոյեանութեան Արցախի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մասնակցութեան վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.