
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի Միջազգային Զարգացման Օժանդակութեան (USAID) հիմնադրամը միլիոնաւոր տոլարներու ծրագիրներ իրականացուցած է Հայաստանի մէջ: Ամէն տարի, Ուաշինկթընի մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբը իր համոզիչ աշխատանքը կը տանի այդ հիմնադրամի՝ Հայաստանին ուղղուելիք յատկացումները աւելցնելու համար:
Գաղտնիք չէ, որ ամերիկեան պետական պիւտճէէն իր միջոցները ստացող այս հիմնադրամին գործունէութիւնը միանշանակ չի ընդունուիր՝ ստացող երկիրներու հասարակութեան կողմէ: Գրեթէ ամէն երկրի նման, Հայաստանի մէջ եւս կան շրջանակներ, որոնք կասկածով կը նային ամերիկեան այս աջակցութեան՝ անոր մէջ քաղաքական հաշիւներ ու նոյնիսկ դաւադրական գործունէութեան ուղղորդող յատկանիշներ փնտռելով: Վերջին շրջանին, երբ Հայաստանի մէջ աննախընթաց կերպով լոյս աշխարհ եկան եւ հասարակական կեանքի մէջ գործօն ներկայութիւն դարձան մարդկային իրաւանց եւ միջավայրի պաշտպանութեան ի խնդիր պայքարող երիտասարդական շարժումներ, իշխանական եւ երբեմն ալ ոչ իշխանական շրջանակներ այս շարժումները վարկաբեկելու համար՝ զանոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ամբաստանեցին իբրեւ արեւմտեան գաղտնի գործակալութիւններու օգտին աշխատողներ:
Այս հիմնադրամը ամերիկեան ժողովուրդի բարի կամքի արտայայտութիւն մըն է եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ: Ինչպէս ամերիկեան այլ նման ձեռնարկներ, որոնց շարքին՝ «խաղաղութեան կորպուս»ը (peace corps), այս ծրագիրի պատասխանատուները պարտաւոր են թափանցիկ գործելու, որեւէ գաղտնի կամ յայտնի կապ չունենալու ամերիկեան հետախուզական կամ այլ լրտեսական գործակալութեանց հետ: Այդ ոճով, միայն կարելի է բարի կամքը պաշտպանել որեւէ ցեխարձակումէ եւ ապահովել այս ծրագիրներուն համար աշխատող ամերիկացի կամ ոչ ամերիկացի անձերու անվտանգութիւնը:
Այս մեկնակէտէն, ինչպէս նաեւ մերժելով Հայաստանի մէջ իրենց իրաւունքներուն համար պայքարող երիտասարդներու նկատմամբ վարկաբեկիչ վերագրումները՝ մենք, իբրեւ ԱՄՆի քաղաքացիներ, մեր խոր ընդվզումը կը յայտնենք վերջերս Քուպայի մէջ բացայայտուած հասարակական ցանցերը զարգացնելու քօղին տակ՝ վերոնշեալ հիմնադրամի մէկ բաժանմունքին դաւադիր գործունէութեան հանդէպ:
Ժողովրդավարական վարչաձեւեր ունեցող այլ երկիրներու մէջ նոյնպիսի դաւադիր գործունէութեան մասին յաջորդական մերկացումները, այս կարեւոր հիմնադրամին ամբողջ աշխատանքը հարցականի տակ կը դնեն: Քոնկրեսը պարտաւոր է փրկելու այս հիմնադրամը լրտեսական կազմակերպութեանց ճիրաններէն: