
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի շէնքին առջեւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 8ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ խումբ մը քոնկրեսականներ մամլոյ ասուլիս մը տուին՝ դատապարտելով Քեսապի բռնագրաւումը եւ քեսապահայութեան տեղահանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Քայիտա»ի զինակից իսլամ ծայրայեղականներու ձեռամբ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մամլոյ ասուլիսին մասնակցած են նաեւ Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն եւ քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու եւ Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց մամլոյ ասուլիսին մասնակցած քոնկրեսականներուն եւ կոչ ըրաւ Քոնկրեսին, որ հետապնդէ Քեսապի վրայ յարձակումին մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը:
Շիֆ շեշտեց, թէ Քեսապէն հեռացուած քաղաքացիներէն շատերը Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու կամ վերապրողներու զաւակներ են, ինչ որ անոնց տեղահանութիւնը աւելի ցաւալի կը դարձնէ: Ան նաեւ կոչ ըրաւ ամերիկեան կառավարութեան եւ ՄԱԿին, որ յատկապէս Սուրիոյ փոքրամասնութեանց ուղղակի օժանդակութիւն ապահովեն՝ նկատի ունենալով անոնց դժուար կացութիւնը:
Պըրմըն պահանջեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ քոնկրեսականներուն տրամադրէ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին այն բոլոր տեղեկութիւնները, զորս ունի իր տրամադրութեան տակ՝ շեշտելով, որ Քեսապի վրայ յարձակած զինեալները «Քայիտա»ի զինակիցներ են:
Քոսթա եւս խիստ մտահոգիչ որակեց այն տեղեկութիւնները, թէ Անգարա ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրած է Քեսապի վրայ յարձակած «ահաբեկիչներ»ուն, եւ Քոնկրեսին պարտականութիւնը նկատեց Թուրքիան այս հարցով պատասխանատուութեան կանչել:
Իր կարգին, Էշու շեշտեց, թէ Քեսապի մէջ տեղի ունեցածը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած ողբերգութեանց երկար շարքին կը պատկանի՝ աւելցնելով, որ այս պարագային՝ հայեր էին յարձակումին թիրախ դարձողները, պարզապէս՝ քրիստոնեայ ըլլալնուն համար: Ան եւս շեշտեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին տեղի ունեցած այս յարձակումը դարձեալ կը բանայ տակաւին չսպիացած վէրքը:
Չու նոյնպէս դատապարտեց Թուրքիայէն Քեսապ անցած իսլամ ծայրայեղականներու այս յարձակումը՝ քեսապահայութեան տարապանքը կապելով Ցեղասպանութեան օրերուն տարագրուածներու ցաւին եւ կոչ ընելով Քեսապը անգամ մը եւս դարձնելու այն վայրը, որ երկար տարիներով յոյսի աղբիւր եղած էր հայութեան:
Իր կարգին, Փալոն շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները աւելի ազդու միջոցառումներու պէտք է դիմեն ոչ միայն Սուրիոյ հայերուն, այլ բոլոր քրիստոնեաներուն օժանդակութիւն հասցնելու համար՝ աւելցելով, թէ Քեսապի հայութեան դիմագրաւած տարապանքին կողքին, Սուրիոյ այլ վայերու մէջ եւս քրիստոնեաներ ու հայեր շատ դժուար կացութեան մէջ կը գտնուին: