ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեանքէն աւելի մահը անարգող դրական մտածում է այս, որ խոր հաւատքով եւ անհաւատ մարդոց բերնէն հաւասարապէս կարելի է լսել: Դրական մտածում ըսելէ աւելի՝ կրնանք ասիկա կոչել իրապաշտ մօտեցում: Կեանքի բոլոր երեւոյթներուն նման եղող այս երեւոյթը՝ մահը, ինչո՞ւ եւ ինչո՞վ պիտի տարբերէր միւսներէն:
Մահը դիմաւորելու քաջութիւնը միայն ասպետներուն տրուած կարողութիւն մը չէ՛: Փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներ կեանքի վախճանի բացատրուած կերպեր, տրամաբանութեան հիմամբ տրուած ցուցմունքներ եւ խաղաղ աւարտով այս կեանքէն դուրս գալու ձեւեր բացատրած ու տուած են իրենց իմաստասիրական ուսուցումներու հետեւորդներուն: Մարդկութեան բազմացումը ապահովող ամուսնութեան անարգումը, ոմանք կանխարգիլումը նկատած են այս աշխարհի մէջ կեանքի շարունակականութեան:
Ժխտական այս մտածողութիւնը ինքնին անարգանք է Աստուծոյ ստեղծագործութեան, որուն նպա-տակը բնաջնջումը չէ՛ այս աշխարհի, ո՛չ ալ մարդկութեան՝ որ բուն իսկ պսակն է այդ ստեղծագործութեան: Աստուծոյ գործը տիեզերքի մէջ շարունակող մարդկային կեանքը պէտք չէ՛ վերջ գտնէ այս աշխարհի մէջ: Այլապէս թերի ու անկատար պիտի մնայ այդ ստեղծագործութիւնը, որովհետեւ անոր մէջ գտնուող ամէն բարիքներու վայելողը մարդը ի՛նք է: Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունի պտղատու ծառն ու անոր շուքը, ծաղիկն ու անոր բոյրը, արեւն ու անոր ջերմութիւնը, աղբիւրն ու անոր քաղցրահամ ջուրը…
Կեանքը ապրելու եւ մահն ալ ընդունելու որոշում պէտք է կայացնէ մարդ: Սա ամէնէն կարեւոր քայլերէն մէկն է, զոր գիտակցական տարիքի գալու առաջին օրերէն պէտք է առնէ ան, ապագային դժուարութեան չմատնուելու եւ յուսահատութեան մէջ չմնալու համար:
Հանդիպած եմ ընտանիքներու, որոնք դժուարով բաժնուած են իրենց մահացած հարիւրամեայ հարազատէն, նորաբոյս պատանի մը յուղարկաւորելու նման մեծ սուգ ու ողբ ընելով: Յուզումը, վիշտը, ցաւն ու բաժանման տխուր պահը նկատի ունենալով հանդերձ, այդքան անյուսութեամբ ողբ ու կոծը քրիստոնէական հաւատքի հետ խոտոր կը համեմատի առաջին հերթին: Երկրորդ, կեանքի ու մահուան մասին դաստիարակութեան պակասը, յատկապէս գիտակցական տարիքէն սկսեալ, անկասկած իր ժխտական դերը կ՛ունենայ մահուան նկատմամբ ցուցաբերուած նման վերաբերումի պարագային:
Ո՛չ շատ հաւատացեալ, ո՛չ ալ հաւատքի կեանքէ շատ հեռու անձ մը մահուան գաղափարին մասին իր ըմբռնումը «ձեռնուիլ» կը կոչէր: Անոր հասկացողութեամբ մեր դիմաց ելլող ծանօթ թէ անծանօթ մարդուն հետ կրնանք ձեռնուիլ, եթէ վերջինս իր ձեռքը երկարէ մեզի: Այլ խօսքով պատահական անձ, երբ փափաք յայտնէ մեզ հետ ձեռնուելու, շատ տգեղ պիտի ըլլայ ըսել, թէ մենք անծանօթներու ձեռք չենք թօթուեր:
Նոյն այս անձը, որ սոյն գաղափարը յայտնած էր, շարունակեց ըսելով, թէ մահն ալ այդ անծանօթն է, որ յանկարծ դիմացդ կ՛ելլէ, չ՛սպասած մէկ պահուդ, անակնկալօրէն, ու իր ձեռքը կը մեկնէ քեզի: Ուրեմն, իր որդեգրած սկզբունքին համաձայն, պէտք է ձեռնուիս անոր հետ: Ու ի վերջոյ կատարեց ան իր հաստատումը, խոր համոզումով ըսելով.
_ Մահէն աւելի ի՞նչ պիտի ըլլայ, ձեռնուիր հետը ու անցիր…
Այսքան պարզ կ՛ընդունէր ան մահուան գաղափարը, որ դարեր շարունակ սարսափեցուցած է մարդ էակը ու դեռ կը շարունակէ սոսկումը մնալ մեզմէ շատերուն: Ձեռնուելու չափ պարզ արարք մը կը նկատէ ան մահուան հետ դէմ յանդիման գալը կեանքի խաչմերուկներուն վրայ:
Մահուան նկատմամբ անարգանք պէտք չէ՛ նկատել այս, ո՛չ ալ մահէն անդին կեանքին անտեսումը եւ անոր չգոյութեան ի նպաստ տրուած փաստարկ, այլ՝ ընդհակառակը, վերոյիշեալ կեցուածքը պէտք է նկատել կեանքի ամէն բնական երեւոյթներուն նկատմամբ համահաւասար արժեւորում: Ինչո՞ւ ուրախութեամբ կ՛ընդունիս մարդուն ծնունդը, բայց տխրութեամբ՝ անոր մահը, երբ մանաւանդ բնական պայմաններու ներքեւ տեղի կ՛ունենայ անիկա:
Ընդունելի են այն արտայայտութիւնները, երբ մահը կը պատահի ոչ բնական պայմաններու մէջ, արկածով, ոճիրով, ահաբեկչութեամբ կամ անմարդկային սպանութիւններով: Բնական է որ մարդիկ պիտի ցաւին նման պարագաներու: Շատ բնական է որ մարդոց զգացումները պիտի վերիվայրումներ ապրին, յատկապէս երբ բազմաթիւ յուշեր կը տողանցեն այդ պահուն անոնց միտքէն: Սակայն, իր կեանքի ամբողջ տեւողութիւնը, նոյնիսկ յաւելեալ տարիներով խաղաղ ու երջանիկ ապրած մարդուն մահուան պարագային անբնական ողբն ու կոծը անհեթեթ կը թուան ու կը ժխտեն մահուան հետ «ձեռնուելու» բնական մօտեցման սկզբունքը:
Մահէն աւելի ի՞նչ պիտի ըլլայ…
Մահուան հետ ալ ձեռնուելու եւ անցնելու այս սկզբունքը յաւիտենականութեան դռները աւելի դիւրին կը բանայ հաւատացեալ մարդուն դիմաց: Պատրաստ հոգիի մը արտայայտութիւն է միաժամանակ այս խօսքը, որ իր պարզութեան մէջ գեղեցիկ է ու կարծուածէն շատ աւելի խոր…
Մահուան վախը փարատող ինքնավստահութիւն մըն ալ կը ներշնչէ այս անպաճոյճ նախադասութիւնը, որովհետեւ կեանքի մէջ մարդուն ունեցած վախերուն մեծագոյնն է մահուան երկիւղը: Ուրեմն, ամէնէն հզօր վախին դէմ պայքարելու կոչուած այս սկզբունքը կրնայ հոգեպէս զօրացնել շատ մը տկար անձեր:
Այնպէս, ինչպէս մէկու մը հետ ձեռնուիլը չի՛ մաշեցներ մեր ափը, նոյնպէս ալ մահուան հետ ձեռնուիլը անբնական վնաս մը չի՛ բերեր մեզի: Որովհետեւ մեր ափին կոշտութիւնը կամ փափկութիւնը մեր ապրած կեանքի տեսակէն կախեալ է: Եթէ ֆիզիքական դժուարին աշխատանք պահանջող արհեստաւոր եղած ենք, բնականաբար մեր ձեռքերը կոշտացած պիտի ըլլան: Իսկ եթէ նուրբ արհեստներու կամ արուեստներու նուիրուած եղած ենք մեր կեանքի ընթացքին, փափուկ ձեռքեր պիտի ունենանք: Ուստի, մահուընէ փախչիլը, անոր հետ չձեռնուելու համար, անիմաստ արարք է ու նոյնիսկ՝ ծիծաղելի:
Մի՛ վախնար այս մահէն, այլ վախցիր միւս Մահէն՝ յաւիտենականէն, որ հետդ պիտի չձեռնուի, այլ ի՛նք քեզ ապտակէ ու անցնի երթայ…