
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը անհանգստացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ շարունակուող բռնութեանց դէպքերով: Հակամարտող կողմերը պէտք է ուշադրութիւն յատկացնեն բռնութեան նուազեցման ու փոխեն իրենց հռետորաբանութիւնը՝ բանակցութիւններու մթնոլորտը բարելաւելու համար. Ուրբաթ, Ապրիլ 11ին «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք:
Ըստ անոր՝ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած վերջին դէպքերը ցոյց կու տան, թէ հակամարտութիւնը վտանգաւոր կը մնայ: Ուորլիք նշած է նաեւ, որ ԵԱՀԿը եւ անոր բոլոր մարմինները կ՛աջակցին Արցախի տագնապի խաղաղ կարգաւորման հասնելու ուղղուած համանախագահներու ջանքերուն՝ աւելցնելով, թէ զինեալ միջադէպերը դարձեալ կ՛ընդգծեն միջնորդական աշխատանքին կարեւորութիւնը:
«Ես եւ միւս համանախագահները մեր ամբողջ ուշադրութիւնը սեւեռած ենք կողմերուն օգնելու հարցին վրայ, որպէսզի ՄԱԿի կանոնադրութեամբ, Հելսինքեան եզրափակիչ որոշումով ու նախագահներուն կողմէ վերջին 5 տարիներուն ընդգծուած տարրերու հիման վրայ՝ արդար եւ կայուն լուծումի մը հասնինք: Մեր չէզոքութիւնը շատ կարեւոր է այս գործընթացին համար», ըսած է Ուորլիք:
Պատասխանելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպման հաւանականութեան մասին հարցումի մը՝ համան