ՊԷՅՐՈՒԹ, «Տէյլի Սթար».- Սուրիոյ բանակը Երկուշաբթի, Ապրիլ 14ին վերագրաւած է Լիբանանի սահմանին մօտակայ Մաալուլա գիւղը ու իր հսկողութեան տակ առած է Մար Թաքլա եւ Քըտտիսին վանքերը: Նոյն օրը, բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած էր Լիբանանի սահմանին կից Սարխա եւ Ճիպպէ գիւղերը:
Սուրիոյ բանակին այս յաջողութիւնները կը յաջորդեն Ռանքուսի բարձունքներու գրաւման: Զինեալները հեռացած են դէպի լիբանանեան Ասալ Ուարտ եւ Թուֆէյլ գիւղերը: Անոնք Մաալուլա մուտք գործած էին անցեալ Սեպտեմբերին, ապա բանակին հետ բախումներ ունենալէ ետք՝ հեռացած էին գիւղէն, սակայն անցեալ Նոյեմբերին դարձեալ մուտք գործած էին գիւղ, ուր մինչեւ օրս կը խօսուի Յիսուսի օգտագործած լեզուն՝ արամերէնը:
Յայտնենք, թէ լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան «Մանար» կայանի երեք աշխատակիցներ սպաննուած են Մաալուլայի բախումներուն ընթացքին: Նաեւ վիրաւորուած են երկու ուրիշներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.