ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մերձտնեսթրի չճանչցուած հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի անդամները մտադիր են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռուսիոյ խորհրդարանին յղել դիմում մը, որով պիտի խնդրեն ճանչնալ իրենց հանրապետութիւնը: Մերձտնեսթրի երեսփոխանները կը հիմնուին ՄԱԿի կանոնագիրին մէջ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին եւ 2006ին տեղի ունեցած հանրաքուէին վրայ: Օրին, Մերձտնեսթրի բնակչութեան 97 առ հարիւրը արտայայտուած էր ի նպաստ անկախացման, ապա՝ ի նպաստ Ռուսիոյ միացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.