
ԵՐԵՒԱՆ.– Արգաւանդ–Շիրակ ճամբու կառուցումը պատճառ դարձած է «Կարմիր բլուր» պատմամշակութային վայրին մէջ դամբարանի տարածքի մը յայտնաբերման: Շինարարական աշխատանքներուն մեկնարկէն առաջ, հնավայրին մէջ կատարուած են պեղումներ եւ ծիրանենիներու ու դեղձենիներու այգիին մէջ յայտնաբերուած է արժէքաւոր դամբարանադաշտը:
Այնտեղ գտնուած են խեցէ անօթներ, զարդեր եւ զէնքի տեսակներ: Արշաւախումբի ղեկավար Յակոբ Սիմոնեան յայտնած է, որ դամբարանի դաշտը հսկայ արժէք կը ներկայացնէ ազգային եւ մշակութային, թաղման ծէսի ու նոյնիսկ սննդառութեան առումով: Յայտնաբերուած է նաեւ դրամ յիշեցնող նմոյշ, իսկ մինչեւ օրս ուրարտական դրամի մասին պատկերացում անգամ չէ եղած: «Դամբարանադաշտում գտնուած ապակու ձուլածոները հարստացնում են ուրարտական շրջանի ապակեգործութեան մասին սակաւ տեղեկութիւնները», յայտնած է ան։
«Հիմնականում յայտնաբերուել են խեցանօթներ, ընդ որում՝ ե՛ւ պալատական, ե՛ւ տեղական մշակոյթի, բայց տեղական մշակոյթը գերակշռող է, եւ հէնց սա է ամենակարեւորը: Մենք, փաստօրէն, կարող ենք ասել, որ Թէյշեբաինին կամ Կարմիր բլուրը, որ Հիւսիսային Հայաստանի մայրաքաղաքն էր, բնակեցուած է եղել տեղի ժողովրդով: ԴՆԹի արդիւնքները կարող են շատ հեռուն գնացող եզրայանգումների հիմք դառնալ», ըսած է Յակոբ Սիմոնեան:
Պեղումները պիտի շարունակուին, եւ անոնց աւարտէն ետք պիտի սկսի շինարարութիւնը: Գտածոները պիտի ցուցադրուին Երեւանի քաղաքապետարանի պատմութեան թանգարանին մէջ: