
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ Իպրահիմ Սետիեանի՝ Ֆրանքֆուրթէն կը գրէ, որ 1915ի օրերուն կային քիւրտ մտաւորականներ, որոնք հրովարտակներ հրատարակելով՝ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուած էին հայերու դէմ գործադրուող զուլումներուն դէմ։ Ասոնց կարգին էին շէյխ Սայիտ էֆէնտին, անոր եղբայրը՝ շէյխ Մեհտի էֆէնտին, շէյխ Ապտուլլահ էֆէնտին եւ ուրիշներ։
«Շէյխ Սայիտ էֆէնտի Բալուի կրօնապետն էր։ Ան կառավարութեան դէմ հրովարտակ մը հրատարակեց, սաստիկ հակառակեցաւ կառավարութեան կողմէ առնուած որոշումներուն եւ ըսաւ, թէ իրենց կրօնքին հակառակ է մեծ, պզտիկ, մանուկ, չափահաս բնաջնջելը։ Ան ըսաւ նաեւ, որ ճիշդ չէ այն ընդհանուր մտածողութիւնը, թէ հայ ժողովուրդի կեանքին վերջ տալը եւ անոր ինչքերուն տիրանալը «հալալ է»։ Իսլամ կրօնքին համաձայն՝ ի՛նչ ալ ըլլայ մարդ արարածին ծագումն ու ցեղային պատկանելիութիւնը՝ բոլորին կեանքը, ապրանքը ու պատիւը կառավարութեան կողմէ ապահովութեան տակ պէտք է առնուին», գրած է Սետիեանի։
Այս հրապարակումներուն համար, շէյխ Սայիտ 1915 թուականին աքսորուեցաւ։ Զայն աքսորելէ ետք է որ սկսան հայկական տեղահանութիւնները։ Թերթը կը գրէ, որ շէյխ Սայիտի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան դէմ եղող հրովարտակին իսկական օրինակը ներկայիս կը գտնուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ։