Աւազանի անունով Արէտ, ծնած է 25 Յուլիս 1966ին, Պոլիս, Նառլըգաբուի մէջ։ Որդին է Արամի եւ Արաքսի Ավրուզի։ Մկրտուած է ձեռամբ Թադէոս քհնյ. Տէրողորմեաճեանի, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Պոմոնթիի Մխիթարեան, միջնակարգ ուսումը՝ Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան, լիսէի ուսումը՝ Ս. Խաչ (դպրեվանք) վարժարաններուն մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Պոլսոյ համալսարանի գրական հիմնարկի Անգլերէն լեզուագիտութեան բաժինին մէջ։
Լիսէի եւ համալսարանի ուսանողական շրջանին պաշտօնավարած է որպէս հսկիչ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։ Մասնակցութիւն բերած է Ֆերիգիւղի Սանուց միութեան թատերական խումբին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ու Սանուց միութեան երաժշտական գործունէութեանց։
1977ին սկսած է յաճախելու Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին, ուր յետագային տարած է նաեւ պատուակալ լուսարարի պաշտօնը։ Հետեւած է Սեդրակ սրկ. Տավութհանի, Գրիգոր սրկ. Հաբէլեանի եւ Շնորհք աւ. քհնյ. Մուրատեանի հայկական ձայնագրութեան ու շարականագիտութեան դասընթացքներուն։ Հոկտեմբեր 1986ին պաշտօն ստանձնած է Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ որպէս երաժիշտ։
1988 թուականին մտնելով գործի ասպարէզ, պաշտօնավարած է զբօսաշրջական հաստատութեանց զանազան բաժիններուն մէջ, կատարելով նաեւ վարչական պարտականութիւններ։ Ծառայած է նաեւ որպէս գործօն անդամ միջազգային գետնի վրայ, մաս կազմելով խմբակներու եւ վարելով քարտուղարի պաշտօնը ամերիկեան զբօսաշրջական միութեան Թուրքիոյ բաժինին։
10 Մայիս 1992ին դպրութեան չորս աստիճաններ ստացած է Գարեգին Բ. պատրիարքի ձեռամբ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ։ 30 Դեկտեմբեր 2001ին Մեսրոպ Բ. պատրիարք հայրը Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ իրեն շնորհած է ուրար կրելու արտօնութիւն, իսկ 14 Յուլիս 2002ին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրած՝ կիսասարկաւագ։ Այդ թուականէն սկսեալ մաս կազմած է պատրիարքարանի դիւանին, իբրեւ դիւանապետ ու ապա՝ պատրիարքի անձնական քարտուղար։
Ան, 29 Դեկտեմբեր 2002ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ ստացած է սարկաւագական ձեռնադրութիւն Մեսրոպ Բ. պատրիարքէն։ Իսկ պատրիարքը 1 Մարտ 2003ին՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ զինք ձեռնադրած է կուսակրօն քահանայ։
Նոյն 2003ի ամրան նշանակուած է Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, որ կը վարէ ցարդ։ Իսկ աշնան, պատրիարքի տնօրինութեամբ կը մեկնի Լիբանան՝ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի մասնաւոր լսարանի երկամեայ դասընթացքներուն։
Հետեւելով սուրբ գրական, ծիսագիտական, շարականագիտական, աստուածաբանական, եկեղեցա-պատմական եւ քարոզախօսական դասերուն, վկայուած է 25 Յունիս 2005ին։ 2005-2006 տարեշրջանին շարունակած է իր կեցութիւնը Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ՝ կատարելով վարդապետական աւարտաճառին հետ առնչուած ուսումնասիրութիւններ ու միաժամանակ ստանձնելով ուսուցչական պաշտօն այդ երդիքին տակ։ Պաշտօնավարած է Ժառանգաւորաց ու Ընծայարանի բաժիններուն մէջ, դասաւանդելով՝ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, ներածութիւն Հին կտակարանի, մեկնաբանութիւն, սուրբ գրային, յունարէն, քրիստոնէական եւ հայոց պատմութիւն։ Միաժամանակ իրեն յանձնուած է դպրեվանուց լուսարարապետի պաշտօնը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին առընթեր, Հոկտեմբեր 2006ին կը նշանակուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչի պաշտօններուն։
30 Սեպտեմբեր 2007ին, ամբողջացնելով «Քրիստոնէութեան երկթեւեան մուտքը Հայաստան» մակագրեալ վարդապետական աւարտաճառը, 25 Հոկտեմբեր 2007ին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ստացած է վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն Մեսրոպ Բ. պատրիարքէն։
Կը պատրաստէ «Նիկիոյ Ս. Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին» թէզը եւ 18 Դեկտեմբեր 2007ին Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ պատրիարք հօր ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն։
1 Հոկտեմբեր 2009 թուականին պաշտօնի կը կոչուի պատրիարքական աթոռի Օրմանեան մատենադարանին մէջ իբրեւ մատենադարանապետ։ Հոգեւորականաց համագումարի 7 Յուլիս 2010ի նիստին կ՛ընտրուի Կրօնական ժողովի անդամակցութեան, իսկ Կրօնական ժողովի 13 Յուլիս 2010ի հերթական նիստին՝ ատենապետ։ 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ կը սկսի ուսուցչագործելու որպէս Եսայեան վարժարանի լիսէի ու միջնակարգի բաժիններու կրօնագիտութեան ուսուցիչ, իսկ 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ՝ Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի կրօնագիտութեան ուսուցիչ։ Ան 1 Յունուար 2011ին կրկին կը ստանձնէ պատրիարքական աթոռի դիւանապետի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ 24 Յունուար 2013 իր հրաժարումը։ Ապա, 1 Փետրուար 2013 թուականէն սկսեալ կը նշանակուի աթոռի տեղեկատուական ու հրատարակչական բաժանմունքի տեսուչ։
Այժմ, ատենապետն է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական աթոռի Կրօնական ժողովի, տեսուչն է պատրիարքական աթոռի Տեղեկատուական ու հրատարակչական բաժանմունքի, քարոզիչն է Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, տեսուչն է Իշխանաց կղզեաց եւ հոգեւոր հովիւ՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Կ՛ուսուցչագործէ նաեւ Թաքսիմի Եսայեան եւ Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարաններուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.