
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 27ին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Մեմորիըլ» զբօսավայրին մէջ, հանդիսավարութեամբ հանգստեան կոչուած Միացեալ Նահանգներու Շրջանային ատեանի դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանի: Օծումը պիտի կատարեն առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան ու Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:
Արարողութեան պիտի մասնակցին Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեան վարժարանի ու ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի երգչախումբերը:
Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբի անդամ եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ կոչ կ՛ընէ համայնքին՝ մասնակցելու այս կարեւոր արարողութեան, որուն ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Փասատինայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարթ եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն: æանք կը տարուի յուշարձանի կառուցումը աւարտելու մինչեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.PASAGMC.org կայքը կամ դիմել (626) 795-1750 թիւին: