
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 Ապրիլին ընդունած է Զուիցերիոյ «Սետրիկ Մարթըն» հիմնադրամի խորհուրդի խումբ մը անդամներ՝ կազմակերպութեան հիմնադիր Ժագ Մարթենի գլխաւորութեամբ, նաեւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «SPFA» ծրագիրի պատասխանատուներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ շարք մը բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման առնչութեամբ ցուցաբերած գործօն մասնակցութեան համար նախագահ Սահակեանը Ժագ Մարթընը պարգեւատրած է «Երախտագիտութիւն» մետալով:
Իր խօսքին մէջ Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախ պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը արտասահմանեան առաջատար կազմակերպութիւններուն հետ՝ զայն համարելով օգտակար Լեռնային Ղարաբաղի համար։
Հանդիպման մասնակցած են փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: