
3. Հաւաքական Մեր Ուժին Զինանոցը Լուրջ Կարիք Ունի Նորացման Եւ Հզօրացման
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊՐԷԵԱՆ
Ընդհանրապէս Սուրիական տագնապը, սուրիահայութեան կորուստները եւ յատկապէս Քեսապի հայաթափումը կը շարունակեն ահազանգի մատնել հայ քաղաքական միտքի բոլոր հոսանքները։
Ահազանգը կը հնչէ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, բայց որոշապէս Քեսապի հայաթափումէն ետք այս աստիճան ծանրակշիռ տարողութիւն ստացած է Սուրիոյ հայութեան վիճակուած Աղէտը դիմագրաւելու հայ քաղաքական մարմինին անզօրութիւնը։
Հարցը չի վերաբերիր սոսկ այն տարակարծութիւններուն, որոնք կը դրսեւորուին Աղէտին նկատմամբ ազգային-քաղաքական եւ քաղաքացիական-ռազմավարական բախտորոշ ընտրանքներ կատարելու ստիպողութեան շուրջ։
Աւելի ծանրակշիռ է այն իրողութիւնը, որ նոյնիսկ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ իր դրսեւորած միասնական զօրաշարժին մէջ, հայ քաղաքական մարմինը խորապէս կ՛անդրադառնայ, նոյնիսկ եթէ դեռ չի խոստովանիր, որ հայութեան Հաւաքական Ուժը, Չարենցի պատգամած հրաշազօր Ուժը փաստօրէն զուրկ է 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն եւ պահանջներուն հետ քայլ պահելու ուժականութենէն…
Հայոց Հաւաքական Ուժին զինանոցը լուրջ կարիքը ունի նորացման եւ արդիական զէնքերով հզօրացման։
Ահազանգային վիճակը աւելիով կը ծանրացնէ մետալին միւս՝ թրքական երեսը։
Սուրիոյ իշխող վարչակարգին դէմ իր յայտարարած պատերազմով՝ թրքական պետութիւնը փաստօրէն ապահոված է շրջանային քաղաքականութեան այն «նպաստաւոր» բեմահարթակը, ուր Թուրքիա ի վիճակի է անարգել շարունակելու նաեւ իր հակահայ հրահրումները Սուրիոյ տարածքին։
Սուրիական ընդդիմադրութեան «օգնութիւն հասցնելու» պատրուակով՝ Թուրքիա ձեռքի տակով հարուած կը հասցնէ նաեւ Սուրիոյ հայութեան, որ հակառակ իբրեւ հայրենամերձ հայագաղութի իր քանակական եւ որակական տկարացումին, տակաւին բաւարար ներուժ ունի եւ ի վիճակի է ռազմավարական «լուրջ գլխացաւանք» պատճառելու թրքական պետութեան՝ հայեւթուրք քաղաքական ու դիւանագիտական հետագա, հաւանակա՛ն առճակատումներու պարագային։
Պարզորոշ է, որ Թուրքիա նախազգուշական քայլեր կ՛առնէ եւ իր դիրքերը կը զօրացնէ՝ պատրաստ գտնուելու համար որեւէ «աննպաստ» կացութեան, եթէ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման իր նախընտրած, աւելի ճիշդ՝ իր հաւանութեան արժանացած մեծապետական բեմագրութիւնը որեւէ պատճառով «անախորժ անակնկալներու» դէմ յանդիման կանգնի…
Թուրքիա վստահաբար կը գիտակցի, որ հայութեան Հաւաքական Ուժին զինանոցը մաշած ու հինցած է, բայց միաժամանակ չի բացառեր, որ մեծապետական այս կամ այն «դասաւորում»ին հետեւանքով, կամ՝ պարզապէս հայ ժողովուրդի ներքին ուժերու լարման արդիւնքով, հայկական զինանոցը կրնայ կացութիւններ շրջել։
Թերեւս մերօրեայ հայ մարդը շատ հաւատք չ՛ընծայեր Սասունցի Դաւիթի առասպելին, բայց հայասպան թուրք պետական մտածողութիւնը շատ լաւ գիտէ արժէքը ազգային առասպելներուն, յատկապէս՝ անհաւասար ուժերով առճակատումներու ընթացքին տկարներու վճռական ծառացման ու բարոյական հզօրութեան մեծ ուժին, որոնցմէ այնքան զուրկ է թրքական պետութեան բռնակալական զինանոցը։
Ահազանգային է վիճակը հայութեան Հաւաքական Ուժի մաշած զինանոցին։
Թուե՛նք.
ա. Հայաստանի վերանկախացումով երկու տասնամեակ ազգովին փայփայեցինք այն յոյսը, որ աշխարհացրիւ հայօճախները, մանաւանդ Մեծ Եղեռնի անմիջական հետեւանքով ստեղծուած հայրենամերձ գօտիի մեր գաղութները, յանձին ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ վերջապէս գտան իրենց ազգային իրաւունքներուն եւ շահերուն պահապան պետական հովանին։
Սուրիական տագնապը եւ հայկական գաղթաշխարհի մայր օճախին վիճակուած աղիտալի կացութիւնը եկան հաստատելու, որ հայոց պետականութիւնը ի վիճակի չէ շրջանային քաղաքականութեան մէջ գտնելու եւ ընդլայնելու իր ոտքի այն տեղը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ թէ՛ պաշտօնական Երեւանին եւ թէ անոր շուրջ բոլորուած աշխարհասփիւռ կազմակերպ հայութեան, որպէսզի պետական իրաւատէրի լեզուով կարմիր գիծ քաշեն թրքական հրձիգութեանց առջեւ…
Ընդհակառա՛կն. Հայաստանի պետական ղեկավարութիւնը պարտաւորուեցաւ բաւարարուելու առաւելաբար զօրակցական քայլերով, որպէսզի միջազգային թէ շրջանային քաղաքականութեան բեմահարթակներուն վրայ հայկական Իրաւունքի եւ Շահերու պաշտպանութեան ձայնը լսելի դարձնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Առաջին կաթողիկոսը եւ Սփիւռքի քաղաքական ուժերուն լոպիստական գործիչները…
բ. Հայութեան Հաւաքական Ուժին զինանոցը մաշած է եւ նորացման լուրջ կարիք ունի՝ նաեւ ու մանաւա՛նդ հայ ազգային ռազմավարութեան պետական մակարդակով հունաւորումն ու յառաջխաղացքը ապահովելու առումով։
Սուրիահայութեան օգնութիւն հասցնելու գործը ինչպէս նախքան Հայաստանի վերանկախացումը, այնպէս ալ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, անդին չանցաւ մարդասիրական եւ բարեգործական մակարդակէն։ Ոչ միայն օժանդակութեան բնոյթը նկատի ունենալով, այլեւ նուիրահաւաքման միջոցին դիմելու առումով. այն, որ Սփիւռքը զարգացուցած էր տասնամեակներու ընթացքին, հայոց ազատ ու անկախ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, նոյնը կը կատարուի նաեւ մեր օրերուն, երբ Հայաստանը ազատ ու անկախ պետականութիւն է արդէն աւելի քան քսան տարիէ ի վեր։
Միակ փոփոխութիւնը (անշուշտ՝ կարեւոր փոփոխութիւնը) այն է, որ նուիրատուները աւելիով շոյուած կը զգան, երբ Հայաստանի նախագահը կը դիմէ իրենց նուիրատուութեան։
Հեգնականը այն է, որ Հայաստանը իբրեւ պետութիւն իր սեփական կարիքները բաւարարելու համար եւս պարտաւոր կը զգայ դիմելու միեւնոյն միջոցին՝ նուիրատուութեանց ու դրամահաւաքի, երբ պետականօրէն կիրարկուած տնտեսական ու ելեւմտական քաղաքականութեանց հետեւանքով առանձնաշնորհեալ փոքրամասնութիւն մը պարզապէս կը յղփանայ… դատարկելով պետութեան գանձարանն ու քաղաքացիներուն գրպանները։
Նման զինանոցով չենք կրնար դիմագրաւել Սուրիոյ հայութեան վիճակուած Աղէտը, ոչ ալ կրնանք հայկական Քեսապը վերադարձնել իր բնական եւ օրինական տէրերուն։
Մեծ Եղեռնի 100ամեակի սեմին հայ քաղաքական միտքը լրջօրէն պէտք է մտածէ մեր Հաւաքական Ուժի զինանոցը արդիականացնելու եւ հզօրացնելու հրամայականին մասին։
Ահազանգի ղօղանջները անդադար կը հնչեն…