ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Երկուշաբթի, Ապրիլ 28ին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պատմութեան կաճառը հրատարակած է տասը հատորներէ բաղկացած ուսումնասիրութիւն մը, որ կոչուած է «Պատմութեան Մէջ Թուրքերը Եւ Հայերը»։ 350 թուրք ակադեմականներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս աշխատասիրութեան եւ խօսած են թուրքերու եւ հայերու յարաբերութիւններուն մասին։
Պատմութեան կաճառի նախագահ փրոֆ. Մեթին Հիւլակիւ յայտնած է, որ հայ պատմաբաններու եւս ուղարկուած է մասնակցութեան հրաւէր, բայց անոնք չեն ընդառաջած։ «Այս գիրքերուն մէջ կը խօսուի թուրքերու եւ հայերու միասնութեան մասին: Մեր մշակոյթին մէջ պատերազմը վերջին ընտրութիւնն է», ըսած է Հիւլակիւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.