
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 18ի երեկոյեան, հազարաւոր հաւատացեալներ ողողեցին Արե-ւմտեան թեմի եկեղեցիները եւ մասնակցեցան Քրիստոսի թաղման կարգին։ Ժողովուրդը ծաղիկներով զարդարուած Քրիստոսի գերեզմանին մէջ Յարութեան լոյսի յոյսը տեսաւ եւ երկիւղածութեամբ ծնրադրեց անոր դիմաց։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Թաղման կարգի արարողութեան։ Իր պատգամին մէջ, սրբազանը վեր առաւ Յիսուսի զոհագործութեան խորհուրդը եւ մարդկութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան կատարելութիւնը։ Ապա, կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն գիտակցելու խաչի խորհուրդին եւ անոր զօրութեան։ Առաջնորդը յայտնեց, որ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը վերջ տալ փորձողները սխալեցան, որովհետեւ նոյն գերեզմանը մեզի բերաւ Յարութիւն եւ կեանք։