
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, Արեւմտեան թեմի կրօնական-դաստիարակչական յանձնախումբը Ապրիլ 8-9ին իրականացուց իր տարեկան առանձնացումը, Սիերա Մատրէի «Mater Dolorosa» կեդրոնին մէջ, գլխաւորութեամբ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի: Առանձնացման նիւթն էր «Մեծ Պահոց ճանապարհորդութիւնը. Արտացոլում վերանորոգուած ապրելակերպի»:
Առանձնացումը սկսաւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանի մատուցած Ս. պատարագով, իսկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան: Սրբազանը գնահատեց Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնը, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկայ գնտուող հաւատացեալներուն:
Ճաշէն ետք, հաւատացեալները մասնակցեցան բանախօսութիւններու եւ խորհրդածութիւններու, որոնց նպատակն էր զօրացնել անոնց գիտելիքները Պահքի մասին: Յաջորդաբար բանախօսեցին հետեւեալները՝ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Հայկ Մատոյեան, Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան, Մաշտոց Չօպանեան, Տիրան Աւագեան, Աւետիս քհնյ. Աբովեան եւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան:
Երեկոյեան ժամը 5ին, խաչերով, մոմերով եւ շարականներու երգեցողութեամբ կատարուեցաւ հանդիսաւոր «Խաչի Թափօր»ը: Այս տարի առանձնացման մասնակցող իւրաքանչիւր հաւատացեալ առիթն ունեցաւ անձնական հանդիպման պահ մը ունենալու հոգեւոր հովիւի մը հետ, ինչպէս նաեւ լռութեան պահ մը՝ անդրադառնալու իր հաւատքին:
Յաջորդ առաւօտ, հաւատացեալներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Արեւագալի արարողութիւնը, որուն հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեան:
Առանձնացումը իր աւարտին հասաւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի գնահատական խօսքերով եւ փակման աղօթքով: Իրենց կարգին, մասնակցողները երախտագիտական խօսքեր արտայայտեցին տէր հօր եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ յիշատակելի սոյն առանձնացման համար: