
(Պաղտատի ՀՄԸՄի 18 Տարիներու Ատենապետ Եւ 11 Տարիներու Վարչական)
Ապրիլ 18, 2014ին, յետ ուղեղային կաթուածի, իր աչքերը փակեց ազգային նուիրեալ, խոհուն, գլխագիր ՀԱՅ մը՝ Յովհաննէս Եսայեան։
Յովհաննէս Եսայեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք, Նոյեմբեր 2, 1929ին։
Հայրը՝ Պետրոս Եսայեան Եղեռնի սերունդ էր՝ ծնած Իզմիթ։ Ընտանիքի սպանութենէն ետք, 14 տարեկան Պետրոս հետեւած էր գաղթող կարաւաններուն եւ ինքզինք գտած արաբ աշիրէթներուն մեջ։ Չէր մոռցած իր հայ ըլլալը։ Եւ առաջին իսկ պատեհ առիթով կրցած էր փախչիլ եւ գտնել իր ճամբան՝ Պաղտատի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր իրեն նման Եղեռնէն ճողոպրած գաղթական հայեր կային։ Աշխատանքի ասպարէզ մտաւ եւ կայք հաստատեց Պաղտատի մէջ։
Ամուսնացած էր իրեն նման Եղեռնի սերունդէն փրկուած Սրբուհիին հետ, հայկական տուն կազմած էր եւ ուռճացած երեք զաւակներով՝ Յովհաննէս, Տենչալի եւ Վարդան։
Իրաքի պետական մարզիչ եւ իրավարար ըլլալուն զուգահեռ, Յովհաննէս իր ազգային կոչումին ընդառաջ երթալով, մասնակցեցաւ Պաղտատի ՀՄԸՄին։ 1960-1971 ան դարձաւ ՀՄԸՄի վարչութեան անդամ եւ մարզական վարիչ։ Իր կատարած բացառիկ ներդրումներուն համար, Յովհաննէս 1971ին ընտրուեցաւ ՀՄԸՄի ատենապետ, պաշտօն մը, որ վարեց ամբողջ 18 յաջորդական տարիներ առանց ընդհատումի։ Տասնութ տարիներու ընթացքին, Յովհաննէսի հմուտ ղեկավարութեան շնորհիւ, Պաղտատի ՀՄԸՄը ոստումներ արձանագրեց։
1997ին Յովհաննէս ընտանեօք փոխադրուեցաւ ԱՄՆ։
Խորապէս համակուած հայկական դաստիարակութեամբ, Յովհաննէս մաս կազմեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ ամէնօրեայ վարժարանի խնամակալ մարմինին։
Ան մաս կազմեց նաեւ՝ մինչեւ իր վերջին շունչը, Նիւ Եորքի ՀՄԸՄին եւ Համազգայինին, ուր բացառիկ բծախնդրութեամբ կատարեց վարչական գանձապահ-հաշուապահի պաշտօնը։
Իր վերջին նինջի արարողութիւնը կատարուեցաւ Ապրիլ 21ին, Նիւ Եորքի «Սիտըր Կրով» գերեզմանատան մէջ՝ ձեռամբ տէր Մեսրոպ Լագիսեանի։
(Առնուած Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի արտասանած դամբանականէն)