
Կիրակի 27 Ապրիլին, երեք քաղաքական ձեռնարկներով՝ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ, յունահայութիւնը վերահաստատեց իր ազգային պահանջատիրութիւնը՝ յանուն հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան հաստատման:
Այդ օր, առաւօտեան ժամը 11:30ին, Աթէնքի կեդրոնէն ներս գտնուող Ռազմական թանգարանի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՌԱԿի Հայ Իրաւանց խորհուրդի, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի 99ամեակին նուիրուած կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկը, որուն ներկայ եղան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ ու զինուորականներ, որոնք յարգեցին Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը:
Ձեռնարկի աւարտին, Աթէնքի քաղաքապետութեան ֆանֆարի, պաշտօնական հիւրերու եւ սկաուտական խումբերու գլխաւորութեամբ, ժողովրդային թափօրը յառաջացաւ դէպի Սինտաղմայի հրապարակ, ուր Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ դափնեպսակներ զետեղուեցան, Յունաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Անցնող օրերուն հելլէն ելեկտրոնային լրատուական կայքեր, ինչպէս եւ տպագիր ազդեցիկ թերթեր լրատուութեամբ եւ տարբեր յօդուածներով անդրադարձան յունահայ գաղութի պահանջատիրական ձեռնարկներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստին, յուշելով հայութեան դէմ գործուած ոճիրի դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:
Յատուկ էին հեռատեսիլէն սփռուած երեք յայտագիրներ, Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներու կազմակերպման առիթով: Մէկը Ապրիլ 24ի առաւօտէան ժամը 8:45ին, Թեսաղոնիկէի TV 100 կայանէն սփռուած Պետրոս Հալաճեանի հարցազրոյցը, Ալեքսանտրուպոլսոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ս