
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Մարտ 22ին տեղի ունեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի տարեկան 33րդ ձեռնարկը՝ վարժարանի «Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեան» սրահին մէջ հաւաքելով վարժարանի մեծ ընտանիքը: Ձեռնարկը կը վայելէր վարժարանի հոգաբարձութեան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր ծնողաուսուցչական մարմինին կողմէ: Ներկայ էին վարժարանի բարերարներէն Հմայեակ Պալթայեան եւ յատուկ հիւրեր՝ տէր եւ տիկին Արմէն Համբար ու Լենա Սարգիսեան (Թորոնթոյէն), ինչպէս նաեւ՝ վարժարանի հոգաբարձութեան կազմը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր 1999ի շրջանաւարտ Օժէն Սինանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու բեմ հրաւիրեց 1998ի շրջանաւարտ եւ ծնողաուսուցչական մարմինի անդամ Մարինէ Թօփալեանը, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց վարժարանին մասին, որմէ ետք, Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը, իսկ երգով մը հանդէս եկաւ 2011ի շրջանաւարտ Անի Ներսէսեանը:
Վարժարանի տնօրէն տոքթ. Մանուկ Սէրայտարեան փոխանցեց իր պատգամը՝ յիշելով, թէ ինչպէս ինք Հալէպի մէջ ուսում առած է մասամբ Արշակ Տիգրանեանի հովանաւորութիւնը վայելող հիմնարկի մը մէջ եւ աւելցնելով, թէ հպարտ կը զգայ, որ այժմ ստանձնած է նոյն բարերարին անունը կրող վարժարանին տնօրէնի պաշտօնը:
Իր կարգին, հոգաբարձութեան ատենապետ Ճորճ Մանտոսեան լուսարձակի տակ առաւ հոգաբարձութեան անդամակցելով վարժարանին 30 տարիներու ծառայութիւն մատուցած Ծիա Այվազեանի գործունէութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց զայն ու հոգաբարձութեան փոխատենապետ Բարսեղ Քարթալեանի եւ հոգաբարձութեան անդամ Օշին Քէշիշեանի հետ միասին յուշատախտակ մը յանձնեց Այվազեանին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրման համար:
Վարժարանի իրագործումներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին հոգաբարձութեան անդամներ Շըրլի Քանտրալեան եւ Օշին Քէշիշեան, ապա սկսաւ դրամահաւաքի արշաւը, որուն շնորհիւ գոյացաւ 20,000 տոլար գումար մը: