
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 10-11-12րդ կարգերու աշակերտութենէն ստուար թիւ մը իր տպաւորիչ ներկայութեամբ, Հայ Դատի պահանջատիրութեան օրուան ուխտն ու պարտականութիւնը կատարեց Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած պահանջատիրական արշաւին մասնակցեցան 50 աշակերտներ՝ հինգ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ: Անոնք Կիրակի, Ապրիլ 6ին, վարժարանէն ուղղուեցան դէպի Սաքրամենթօ: Իրենց առօրեայէն դուրս, հայեցի պարտականութեան ամբողջական գիտակցութեամբ ու խանդավառութեամբ՝ աշակերտները հետեւեցան իրենց տրուած ցուցմունքներուն եւ թելադրանքներուն: Առանց պահ մ՛իսկ վառանելու, իրենց ինքնութեան բոլոր մասնիկները ի գործ դրին՝ ծրագիրի ամբողջական յաջողութեան համար:
Անոնք Սաքրամանեթօ հասան երեկոյեան ժամերուն, ապա ուղղուեցան պանդոկի իրենց սենեակները, իսկ յաջորդ առաւօտ կանուխ, պաշտօնական իրենց զգեստներով ու մասնագիտական կազմակերպուածութեամբ հետեւեցան իրենց խմբային աշխատանքին:
Պահանջատիրութեան արշաւին ընդհանուր մասնակիցներուն թիւը կը հաշուէր աւելի քան 300 հոգի, ամբողջ Քալիֆորնիոյ տարածքէն: Առաւօտեան ժամը 8:30ին, նահանգային շէնքին առջեւ պատրաստ էին բոլորը ներս մտնելու իրենց ծրարներով եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած կրծքանշաններով:
Փոքր խումբերու բաժնուելով՝ աշակերտները իրենց դասատուներուն հետ մտան շէնք, պետական այրերու գրասենեակներ այցելեցին ու համապատասխան թղթապանակներ յանձնեցին անոնց: Աշխատանքին ընթացքին անոնք օգտակար դարձան Հայ Դատի պահանջատիրական ձեռնարկին, միաժամանակ՝ փորձառութիւն ձեռք ձգելով քաղաքական պետական գրասենեակներ մուտք գործելու եւ խօսելու պետական անձնաւորութիւններու հետ, որոնք դեր ու խօսք ունին նահանգի օրէնսդրութեան ու անոր գործադրութեան մէջ: Կ՛արժէ յիշել աշակերտութեան լրջութիւնը ու գիտակցութիւնը նման գործ մը ստանձնած ըլլալու գծով: Անոնք որպէս մասնագէտներ կը շրջէին, իսկ անոնցմէ ոմանք ուղղակիօրէն ժողովներու մասնակցեցան, եւ վստահ ենք, որ անոնցմէ շատերը պիտի դառնան ապագայի հայ քաղաքագէտներ եւ պետական անձնաւորութիւններ:
Կէսօրէ ետք, նախքան բանաձեւի քուէարկութիւնը, աշակերտները առիթ ունեցան հանդիպում ունենալու նահանգի ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Քեւըն տը Լէոն եւ Մայք Կաթօ, իրենց քաջալերական խօսքերով զօրակցութիւն յայտնեցին ներկաներուն՝ հաւատացնելով ու վստահեցնելով, թէ արդարութիւնը անպայման պէտք է լսելի դառնայ ու Ցեղասպանութիւնը՝ դատապարտուի:
Վերջին բաժինով, աշակերտները մաս կազմեցին Ծերակոյտի ժողովին, ուր բանաձեւումը քուէարկութեան դրուեցաւ եւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Ներկայացուցիչներէն ոմանք իրենց խօսքերով հանդէս եկան՝ դատապարտելով եղած Ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ հաւատալով արդարութեան հաստատման:
Աւարտին, աշակերտները հանրակառքերով ուղղուեցան դէպի Լոս Անճելըս, խղճի հանգստութեամբ եւ գոհունակութեամբ, որ իրենց ներդրումով կրցան փոփոխութեան մը մասնակիցը դառնալ:
Փիլիպոսեան հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայ Դատի արտադասարանայինն ամբողջական դասածրագիր մըն էր եղածը: Թերեւս տարիներով, Հայ Դատի դասապահուն ընթացքին կարելի պիտի չըլլար փոխանցել այն, ինչ մէկ օրուան ճանապարհորդութեամբ քանդակուեցաւ աշակեր