ՊՕՂՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Երիտասարդ կնոջ դէմքը պարուրուած էր տխրութեամբ եւ սուգով…
Ան անշարժ նստեր էր բարձրադիր լերան լանջին, միակ ծառի տակ եւ թախիծը դէմքին կը դիտէր ձորին մէջ ծխացող գիւղը:
Դեռեւս, քանի մը օր առաջ, այստեղ կը թեւածէր կեանքն ու ծիծաղը, ուր՝ ծնուեր էր, անհոգ մանկութիւն էր ունեցեր, սիրեր էր եւ ընտանիք կազմեր…
Իսկ այսօր, իր աչքերուն առջեւ, կրակներուն թէժացող բոցերը մոխրակոյտի էին վերածեր հայրենի գիւղը, խլելով անմեղ մարդկանց, նաեւ՝ հարազատներուն…
Երիտասարդ կինը մնացեր էր մէն-մենակ, իր խոհերուն հետ… Անշնչացած հայրենի գիւղը կը սգար իր անդառնալի կորուստը…
Պահը դաժան էր եւ զարհուրելի…
Դեռ մխացող ձորէն կը լսուէին անշնչացած հոգիներու անմեղ կանչերը:
Ան ամուր փարուեր էր սիրասուն մանկիկին, որ զարմացած կը նայէր մօր լացակումած աչքերուն:
«Ո՛չ, մանկիկս պէտք է ապրի, որպէսզի յաւերժացնէ անմեղ զոհերու ոգին»:
Յուսահատած մայրը կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս փրկէ իր միակ մանկան…
Սարսափահար վեր ցատկելով, ամուր գրկելով մանկան, արագ-արագ քայլերը կ՛ուղղէ անյայտ լեռնային ճանապարհով…
Շուրջը կը տիրէր ահաւոր լռութիւն, կը լսուէր միայն գիշատիչ թռչուններու կռնչոցը, իսկ մօր գիրկին անխռով կը ննջէր փոքրիկը, իր միակ մխիթարանքը:
Խորասուզուած դառն միտքերու մէջ, երիտասարդ մայրը սթափելով, կը ցնցուի, երբ կը նկատէ լեռն ի վեր բարձրացող ձիերուն, որոնց սմբակներու համաչափ տրոփիւնը կ՛արձագանգէր ողջ շրջապատը…
Յուսահատած մայրը այլեւս փրկուելու ելք չի տեսներ…
Անյայտ ճամբաներով ան կը շարունակէ քալել եւ մերթ ընդ մերթ կը համբուրէ մանկիկը…
Ան կը քալէր եւ կը յիշէր, թէ ընդամէնը մէկ օր առաջ, թաքստոցէն նկատելով թուրք ձիաւոր ջարդարարները, մէկ կրակոցով գետին կը տապալէր զանոնք…
Իսկ այսօր, խենթացած մայրը կը սպաննէ իր հարազատ մանկան… եւ գրկելով անշնչացած մարմինը, երիտասարդ մայրն ու մանկիկը գահավիժելով անդունդին մէջ՝ կ՛անմահանան…
Ձորի խորքերուն սահմռկած ձիաւորները չէին կրնար թաքցնել իրենց զարմանքը հայ կնոջ առաքինութեան մասին եւ կը բարձրաձայնէին. «Մենք չենք կրնար բնաջնջել հայ ազգը, քանի որ իւրաքանչիւր հայ կին հերոսուհի է…»:
Յարգելի ընթերցող, մեր փոքրիկ ակնարկը երիտասարդ հայ կնոջ մասին, յայտնի է հայերուն որպէս հերոսուհի՝ Շաքէ Վարսեան, սասունցի…
Սակայն, հարկ է նշել, որ հայ ազգը ունեցեր է Շաքէ Վարսեաններ, որոնք անձնազոհութեամբ չեն յանձնուեր թուրքին…
Յանձնուեր են սեւ ալիքներուն, անօթի ծարաւ քալեր են անապատի կիզիչ արեւուն տակ եւ հերոսաբար աւանդեր են իրենց կեանքը…
Փառք ու պատիւ մեր հերոս մայրերուն…