24 ԱՊՐԻԼԻ 99ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ
ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մինչեւ մեռած օրը, մեծ մայրս կը հաւատար, որ իր երկու աղջիկները, որոնցմէ մէկը 9 տարեկան էր, միւսը՝ 7, պէտք է ողջ ըլլային: Կ՛ըսէր, որ այնքան անուշիկ էին, որ անկարելի է երեւակայել, որ մէկը կրնար սպաննել զիրենք:
Մեծ մայրս Ակնայ Ծագ գիւղէն, իր ամբողջ գերդաստանը կորսնցուցած էր տեղահանութեան ընթացքին: Ամուսինը իբրեւ թէ բանակ տարուած էր, բայց տարուած օրէն վերջ իրմէ ձայն չէր ելած, երկու եղբայրները իր աչքերուն առջեւ կացինահարուած էին, իսկ մայրն ու իր երկու աղջիկները՝ առյաւէտ կորսուած: Մնացած էին ինքն ու հայրս, որ այն ատեն մէկ տարեկան էր:
Մօրս ընտանիքը Արաբկիրէն էր, եւ իր գերդաստանէն ալ ողջ մարդ մնացած չէր:
Փոքր տարիքէս գրէթէ ամէն օր այս պատմութիւնները լսելով, ոխով եւ ատելութեամբ լեցուած էի թուրքերուն դէմ եւ առաջին անգամ, երբ 17 տարեկանիս Թուրքիա գացի, ինծի համար Պոլիսը կը ներկայացներ այն վայրը, ուր իմ սիրած բոլոր հայ վիպագիրները, բանաստեղծները, երաժիշտներն ու արուեստագէտները մեռած էին:
Տարիներ ետք, երբ 54 տարեկանիս անգամ մը եւս Պոլիս գացի, բոլորովին տարբեր զգացումներ ապրեցայ:
Տարիները քիչ մը աւելի հասուն, քիչ մը աւելի կիրթ դարձուցած էին եւ կրցած էին հասկցնել, որ ատելութիւնն ու ոխը նախ եւ առաջ քեզ կը թունաւորեն:
Տարիներու ընթացքին նաեւ անդրադարձած էի, որ կարելի չէ ամբողջ ազգ մը նոյն աչքերով դատել: Բախտը ունեցած էի ծանօթանալու ազնիւ եւ իմաստուն թուրքերու, որոնք համոզուած էին, որ եթէ ազգ մը իր պատմութիւնը լրջօրէն չուսումնասիրէ ու իր պատմութեան հիմերը սուտերու վրայ կառուցէ, օր մը կը փլի, որովհետեւ ճշմարտութենէն աւելի զօրաւոր հիմք չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այնպէս որ, երկրորդ անգամ Թուրքիա երթալուս, Պոլիսը այն տեղը չէր, ուր իմ հայրերս մեռած էին, այլ հոն, ուր իմ հայրերս ապրած, ազգային հաստատութիւններ կառուցած, արուեստ ստեղծած ու ամբողջ մշակոյթ մը կերտած էին:
Հիմա ինքզինքս պոլսահայ կը զգամ, որովհետեւ հակառակ անոր, որ Լիբանանի մէջ ծնած եմ, իմ հոգեկան եւ մշակութային սնունդս Պոլիսէն եկած է, եւ ատոր համար ալ հպարտ եմ:
«Ակօս»