Յունիս 3ին տեղի ունենալիք Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն հայ քուէարկողները երկընտրանքի առջեւ պիտի գտնեն իրենք զիրենք. շարունակել ցարդ արձանագրուած յաջող ընթա՞ցքը, թէ՝ բնութագրուիլ իբրեւ դիւրութեամբ պառակտուող համայնք:
Ապրիլեան ցոյցերուն ընթացքին արտասանուած լօզունգներէն մէկը՝ «Միասին, մենք չենք պարտուիր»ն է: Այս բառերը կ՛իմաստաւորուին, երբ կը միանանք ընդհանուր նպատակի մը շուրջ, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրին համար արդար հատուցման պահանջն է:
Կլենտէյլի մէջ ընդհանրական նպատակը քաղաքական մեր ազդեցութիւնը հզօրացնելն է: Քաղաքի բնակչութեան 35 տոկոսէն աւելին հայ է: 1970ական թուականներէն ետք արագ թափով աճած Կլենտէյլի հայ բնակչութիւնը, ահա՛ երեսուն տարիէ ի վեր կը ջանայ հաւասար վերաբերմունք ապահովել թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ընկերային ապահովութեան (յատկապէս տարեցներուն համար մատչելի բնակարաններու ապահովման) եւ թէ իրաւապահական ոլորտներու մէջ:
Այս ոլորտներուն մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքը ցանկալի թափով չ՛ընթանար պարզ այն պատճառով, որ դժուարութեան առջեւ գտած ենք մենք մեզ, երբ ուզած ենք մեր հարցերուն ու պահանջներուն հանդէպ յանձնառու թեկնածուներ ընտրել կամ վերընտրել քաղաքապետական խորհուրդին մէջ:
Այն իրողութիւնը, որ Կլենտէյլի ոչ հայ քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը հայազգի թեկնածուներուն ի նպաստ չի քուէարկեր՝ նոյնիսկ երբ այս թեկնածուները անխտրական մօտեցումով հանդէս եկած են այս ոչ հայ հատուածին շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն, կը մղէ հայ քուէարկողները իրենց զօրակցութիւնը վերապահելու հայ թեկնածուներուն: Այս իրողութիւնը հակահայ նախապաշարումներու պատկերը կը ցոլացնէ:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան եւ Դպրոցներու խնամակալ մարմինի անդամ Կրէկ Գրիգորեան իրենց պաշտօնին ընտրուած են՝ ստանալով ամէնէն բարձր թիւով քուէները, որոնց մէջ ոչ հայերու թիւը անհամեմատ փոքր է: Կլենտէյլի լայն հանրութեան շահերը լաւագոյնս պաշտպանած այս պաշտօնատարները վերընտրուած են պարզապէս հայ քուէարկողներու շնորհիւ:
Հայ քուէարկողները, միւս կողմէ, չեն նախապաշարուած ոչ հայ թեկնածուներու հանդէպ: Ճենիֆըր Ֆրիմըն, որ 2013ին ստացած էր Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը, հայկական քուէի կարեւոր թիւ մը ապահովեց Դպրոցներու խնամակալ մարմինի անդամ ըլալու իր ընտրապայքարին ընթացքին:
Շուտով թղթատարով քուէարկողները իրենց նամակատուփին մէջ պիտի ստանան քուէաթերթիկները՝ Յունիս 3ին տեղի ունենալիք ընտրութեան: Կլենտէյլի բնակիչները պիտի քուէարկեն քաղաքապետական խորհուրդի անդամութենէն հրաժարած (քաղաքի գանձապետի պաշտօնին ընտրուած) Րաֆֆի Մանուկեանի աթոռը գրաւել փորձող հինգ թեկնածուներէն մէկուն օգտին:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը այս ընտրապայքարին մէջ կը զօրակցի Վարդան Կարապետեանին: Յանձնախումբը իր որոշումին յանգած է հաշուի առնելով քաղաքին ու հայ համայնքին՝ Կարապետեանի բերած ծառայութիւնները:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ հայ համայնքին օժանդակելու Կարապետեանի ընտրապայքարին եւ կամաւոր աշխատանքի կամ դրամական նուիրատուութեան ճանապարհով նեցուկ կանգնելու անոր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.