
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ յայտարարեց, թէ Սպիտակ տունը համաձայնած է ցուցադրութեան մը համար քոնկրեսականին տրամադրել Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն գործած «Ղազիրի գորգը», որ 1925ին նուիրուած էր նախագահ Քելվին Քուլիճին, իբրեւ երախտագիտութիւն ամերիկացիներուն տրամադրած օժանդակութեանց համար:
Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի Ղազիրի որբանոցին մէջ գործուած գորգը պիտի ցուցադրուէր նոյն գորգին մասին Յակոբ Մարթին Տերանեանի հեղինակած գիրքին ներկայացման ընթացքին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի «Սմիթսոնիըն» թանգարանին մէջ, սակայն Սպիտակ տունը վերջին վայրկեանին որոշած էր գորգը չտրամադրել:
Աւելի ուշ, Շիֆ դիմած էր Սպիտակ տուն, որ գորգը տրամադրեն Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին ի պատիւ կազմակերպուելիք հանրային ձեռնարկին համար, որ ըստ Շիֆի՝ կրնայ աշնան տեղի ունենալ:
Անցեալ տարի, Շիֆի եւ քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաուի առաջնորդութեամբ, 31 այլ քոնկրեսականներու ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղուած էր նախագահ Պարաք Օպամային՝ կոչ ընելով գորգին ցուցադրութիւնը արտօնել եւ յիշեցնելով, որ գորգը ամերիկացի ժողովուրդին կը պատկանի ու մէկ մասնիկն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան:
Այդ նամակի յղումէն ետք, Շիֆ գորգին կապակցութեամբ Սպիտակ տան հետ կապ հաստատած է՝ ապահովելու համար գորգի հանրային ցուցադրութիւնը:
Շիֆի գրասենեակը կազմակերպուելիք ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակէ մանրամասնութեանց ամբողջացումէն ետք: