ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լաթաքիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, մասնաւորապէս Քեսապի մերձակայքը, կը շարունակուի սուրիական օրինաւոր բանակին եւ ծայրայեղ իսլամ զինուած խմբաւորումներուն միջեւ բախումները: Ըստ «Լաթաքիոյ տեղեկատուական ցանց»ի «Ֆէյսպուք»ի էջին՝ ռազմական աղբիւրներ տեղեկացուցած են, որ Քեսապի Այն Տալպա շրջանին մէջ սպաննուած են տասնեակ զինեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը սուրիացի չէ:
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Լաթաքիա քաղաքին մէջ երկու ուժգին պայթումներ տեղի ունեցած են: Հրթիռներէն մէկը ինկած է Պասաթին Ռիհան մզկիթի մերձակայքը, իսկ երկրորդը՝ Սաուրա ազատուղիին ուղղութեամբ: Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան:
Վերջին քանի մը օրերուն, սուրիական բանակը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւոր կէտեր գրաւած է: Բանակը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է Քեսապի մէջ՝ վերահսկողութիւն հաստատելով Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Գարատուրանի ոստիկանատան վրայ, որուն շնորհիւ՝ զինեալներուն առջեւ փակուած է դէպի Քեսապ տանող ծովային միակ ճանապարհը: Ապրիլ 28ին, բանակը վերահսկողութիւն հաստատած է Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող թիւ 724 բարձունքին վրայ:
Նշենք, որ Ապրիլ 29ին Հալէպի մէջ զոհուած է Րաֆֆի Հեքիմեանը: Ապրիլ 30ին, հրասանդներու բեկորներէն Հալէպի մէջ վիրաւորուած է Խաժակ Ժամկոչեան, որ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի աշակերտ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.