ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն Հայաստանէն մեկնած ու չեն վերադարձած Հայաստանի Հանրապետութեան 28 հազար 447 քաղաքացիներ:
Այս տեղեկութիւնը առկայ է Ազգային վիճակագրական ծառայութեան 30 Ապրիլին հրապարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան սոցիալ-տնտեսական վիճակը 2014 թուականի Յունուար-Մարտին» զեկոյցին մէջ:
Ըստ զեկոյցին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանէն մեկնած ու չվերադարձած Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը կազմած էր 35 հազար 500:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.