
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Թուրքիան պէտք է հետեւի Գերմանիայի օրինակին եւ ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ կայացած հարցում–պատասխանի ընթացքին։
Ան կը պատասխանէր Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանի հարցումին: «Թուրքիան պէտք է ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ մենք Թուրքիայից այս հարցում սպասում ենք քաղաքակիրթ քայլեր», նշած է Նալբանդեան:
Անոր համաձայն՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի նպաստէ, որ հետագային մարդկութեան դէմ նմանատիպ յանցագործութիւններ չկրկնուին: