Ապրիլ 30ին, Սուրիոյ հետ սահմանին մօտիկ գտնուող լիբանանեան Արսալ գիւղաքաղաքին մէջ զինեալ բախումներ տեղի ունեցած են, երբ Սուրիայէն դուրս մղուած իսլամ ծայրայեղական զինեալներ յարձակած են լիբանանեան բանակի զինուորներուն վրայ՝ վիրաւորելով անոնցմէ առնուազն եօթն: Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը մէկ օր առաջ Արսալի մէջ ձերբակալած էր խումբ մը սուրիացիներ, ներառեալ՝ Սուրիոյ Քալամուն եւ Քուսէյր շրջաններու ճակատամարտերու զինուորական պետը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.