ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի ժողովին ընթացքին ըրաւ երկար ճառախօսութիւն մը, որուն ընթացքին ան նաեւ անուղղակի կերպով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ան նշեց, որ Թուրքիա բազմաթիւ հարիւրամեակներու հետ դէմ յանդիման պիտի գտնուի մինչեւ 2023, եւ կոչ ըրաւ այդ հարիւրամեակներուն նայիլ առանց վախի՝ ձերբազատուելով բոլոր խեղաթիւրումներէ եւ վախերէ։ Վարչապետը շատ յստակ կերպով ըսաւ. «Մեր պատմութիւնը խեղաթիւրուեցաւ յաղթական կամ զօրաւոր ուժերու կողմէ. մեր պատմաբաններուն կողմէ իսկ մեր պատմութիւնը արձանագրուեցաւ խեղաթիւրեալ ձեւով: Բայց հիմա կամուրջին տակէն շատ ջուր հոսած է, իսկ ժամանակը բազմաթիւ վէրքեր բուժած է»։
Վարչապետը ապա անդրադարձաւ վերջին 300 տարիներու զանազան անցուդարձերուն, Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւններուն, ապրուած մեծ սպանդներուն՝ ըսելով, որ այս բոլորը թուրք ժողովուրդին մօտ կարգ մը վախեր ստեղծած են։
«Այս վախերը շահագործուեցան թէ՛ կարգ մը օսմանցի ղեկավարներու, թէ՛ Թուրքիոյ հանրապետութեան ընտրանիին կողմէ։ Հարիւր տարուան խնդիրները այլեւս դուրս բերենք ու դադրինք զանոնք իբրեւ սպառնալիք գործածելէ։ Ասիկա միայն որոշ պատահարներու համար չէ որ կ՛ըսեմ։ 100 կամ 200 տարուան վախերով ապրող ժողովուրդները որեւէ յեղաշրջում չեն կրնար իրականացնել։ Անցեալ շաբաթ այս ամպիոնէն ըսի. այս երկրին մէջ 77 միլիոնէն իւրաքանչիւրը ինքզինք պէտք է զգայ այս երկիրի բուն տէրը», ըսաւ Էրտողան։
Վարչապետը շարունակեց. «1914-22ին մեր մեծ հայրերը բազմաթիւ պետութիւններու դէմ պատերազմ մղեցին։ Կռուեցան Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ Իտալիոյ դէմ։ Բաց կը խօսիմ. եթէ հարիւր տարի առաջուան դէպքերուն կառչինք, այսօր մեր տարածաշրջանին մէջ ոչ մէկ երկիրի հետ կապ կրնանք պահել։ Ցաւերը վառ պահելը պետութիւններուն ու ժողովուրդներուն համար վնասակար պիտի ըլլայ»:
Վարչապետը դարձեալ խօսեցաւ Թուրքիոյ արխիւներուն մասին, բան մը, որ թերեւս կը հակասէր վերեւը ըսուածներուն։ Վարչապետը ըսաւ. «12 տարիէ ի վեր սրտաբացութեամբ կ՛ըսենք ահաւասիկ։ Մենք մեր պատմութեան հետ երես առ երես գալու պատրաստ ենք։ Մեր արխիւները բաց են։ Կ՛ուզենք, որ հեծկլտուքները դադրին, կանխամտածումները մէկ կողմ թողունք։ Անկողմնակալ ձեւով պատմական ճշմարտութիւնները երեւան հանենք։ Մենք որպէս Թուրքիա, պատրաստ ենք ասոր. վախ չունինք։ Մեծ պետութիւնները վախ չեն ունենար. մենք ալ վախ չունինք։ Որպէս պետութիւն մը, որ մեծ տառապանքներ կրած է, մենք շատ լաւ կը հասկնանք աշխարհի վրայ ազգերու կսկիծները։ Պատմութիւնը լուսաբանելու պատրաստ ենք։ Մեր հասարակաց ցաւերը հասկնալու պատրաստ ենք։ Պատրաստ ենք իրարու հետ խօսելու ո՛չ թէ սեղմուած բռունցքներով, այլ անվախօրէն իրարու ձեռք տալով։ Երբ մէկ կողմէ կ՛ուզենք, որ անցեալ դարու պատահարները լուսաբանուին ու իրարու ցաւերուն բաժնեկից ըլլանք, ապա միւս կողմէ՝ կը փափաքինք նոյնը տեսնել դիմացի կողմէն։ Կը յուսանք, որ թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը եւ թէ հայկական Սփիւռքը մեր այս քաջարի քայլը կը տեսնեն ու միեւնոյն քաջարի դիրքաւորումը կը դրսեւորեն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.