
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարած է, թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի Մայիս 29ին: «Այսօր մենք շատ լուրջ յառաջընթաց արձանագրեցինք: Փորձագիտական մակարդակով միշտ չէ, որ կը յաջողինք համաձայնութիւն գոյացնել որոշ նրբութիւններու շուրջ, որոնք կը ներկայացնեն կողմերու շահերը», ըսած է Փութին:
Ան նշած է, որ այժմ առկայ են բոլոր հիմքերը ենթադրելու համար, թէ համաձայնութիւնը նշանակուած ժամկէտին պիտի ստորագրուի:
Փութին նաեւ նշած է, որ Ուքրանիոյ կապակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պիտի չազդեն եւրասիական համարկման վրայ: