
ՊԷՅՐՈՒԹ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ», «Ֆարս».- Ուրբաթ, Մայիս 2ին, կեդրոնական Սուրիոյ Համա նահանգին մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական երկու արարքներու ընթացքին սպաննուած են առնուազն 18 քաղաքացիներ, որոնցմէ 11ը՝ երեխաներ: Վիրաւորուած են աւելի քան 50 ուրիշներ: Այս շաբթուան ընթացքին, Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած նման ահաբեկչական արարքներ մօտաւորապէս 100 զոհ խլած են: Իսլամ ծայրայեղականներու վերագրուող այս յարձակումները սաստկացած են Ապրիլ 28էն ետք, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, թէ իր թեկնածութիւնը կը դնէ Յունիս 3ին կայանալիք նախագահական ընտրութեանց: Ցարդ 24 հոգի իր թեկնածութիւնը դրած է նախագահական ընտրութեանց:
Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ Հոմսի մէջ միօրեայ զինադուլի համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի առիթ տրուի քաղաքի հին թաղամասերուն մէջ շրջափակուած մնացող մօտաւորապէս 1000 իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն՝ հեռանալու քաղաքէն: Զինեալները որոշած են մեկնիլ «հիւսիսային գիւղական շրջաններ»:
Փետրուարին հարիւրաւոր քաղաքայիններ հեռացան շրջափակուած թաղամասերէն՝ ՄԱԿի միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարին շնորհիւ: