Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Քանատայի շրջանային վարչութիւնը այսու կը ծանուցանէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական» մատենաշարի մեկնարկը:
«Օշական» մատենաշարը կը միտի հրատարակել գրականութեան բնագաւառէն ստեղծագործական թէ գրականագիտական որակաւոր գործեր: Մեր նպատակն է այս մատենաշարով լոյս ընծայել անցեալ թէ ներկայ՝ մնայուն արժէքներու վերածուած գրողներու մանաւանդ անտիպ երկերը:
Այս առթիւ կը հաղորդենք, թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է «Օշական մատենաշար»ի անդրանիկ հրատարակութիւնը՝ Վազգէն Շուշանեանի ցարդ անտիպ «Ալեկոծ Տարիներ» գիրքը, որ տարաբախտ գրողին ինքնակենսագրութիւնը ըլլալէ անդին, նաեւ լուսարձակի տակ կը բերէ անոր ներաշխարհն ու աշխարհահայեացքը: Այս արժէքաւոր հրատարակութիւնը կարելի է գտնել Համազգայինի գրատարածի կրպակներուն մօտ:
Պարտ կը զգանք նաեւ յայտնելու, թէ 2008էն սկսեալ, Համազգայինի Քանատայի շրջանային վարչութիւնը հովանաւորած է երեք գիրքերու հրատարակութիւնը՝ Գէորգ Մանճիկեանի «Յուշեր», տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Բ. Խօսքը» եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Իմ Ուղեպատումը» հատորները, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան 2013ի Գրական մրցոյթի արդիւնքներու «Հայ Մայրը» գրքոյկը:
Օշական մատենաշարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հարցումներու համար կը խնդրուի գրել oshagan@hamazkayin.ca հասցէին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ