Մեծ Եղեռնի 99ամեակին, Նիւ Ճըրզիի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութիւնը եղաւ միակ կազմակերպութիւնը, որ ճիշդ Ապրիլ 24ին յիշատակեց Հայկական Ցեղասպանութեան տարեդարձը, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կոկիկ թիւով հասարակութեան մը ներկայութեան, երեկոյեան ժամը 8ին:
Օրուան դասախօսն էր դոկտ. Էլիզ Սեմերճեան, որ Ուիթմըն քոլեճի մէջ դասախօս է Իսլամական աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան: Ան իր դոկտորականը ստացած է Ուաշինկթընի «Ճորճթաուն» համալսարանէն 2003 թուականին եւ արժանացած «Ֆուլպրայթ» մրցանակին: Ան իր ուսումնասիրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացուցած է Օսմանեան շրջանի Հալէպ քաղաքին վրայ, ինչպէս նաեւ՝ Տիգրանակերտի եւ ասորական շրջաններու ազգաբնակչութեանց: Սեմերճեան վերջերս կ՛ուսումնասիրէ 17-18 դարերու հայկական Հալէպի կեանքին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած զանազան նիւթեր:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Հայ Դատի յանձնախումբէն Անի æաղլասեան: Գործադրուեցաւ մասնաւոր յայտագիր մը Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբին կատարողութեամբ: Եկեղեցւոյ հովիւ Յովնան քհնյ. Պօզոյեան կատարեց բացման աղօթքը, եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ խօսք առաւ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան, որ ըսաւ թէ ամերիկացի քոնկրեսականներ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ այս պահուն Երեւան հաւաքուած, իրենց հաւաքական յարգանքը կը մատուցեն, բերելով իրենց ալ մասնակցութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին առջեւ ու խոնարհելով Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին՝ մասնակից դառնալով հայ ժողովուրդի սուգին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.