
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 Մայիսին ընդունած է ռուսաստանաբնակ խումբ մը հայ բարերարներ՝ Վլադիմիր Աւագեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էր Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեանը, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուած հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարներուն, որոնք կը ֆինանսաւորեն հանրապետութեան մէջ ընկերային, ենթակառուցուածքներու եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ շարք մը ծրագիրներ՝ լուսարձակի տակ առնելով անոնց կարեւորութիւնը Արցախի համար: