Հինգշաբթի օր Քալիֆորնիոյ նահանգի բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը՝ «Էսէմպլին», իր լիագումար նիստին պիտի քննէ Արցախի անկախութեան ճանաչման ի նպաստ «Էյ.Ճէյ.Ար. 32» բանաձեւը, որ արդէն ստացած է Կանոնադրական յանձնաժողովի հաւանութիւնը:
Մենք խանդավառ ենք այս հեռանկարով եւ կ՛ուզենք առաւելագոյն թիւով հայրենակիցներ մասնակից դարձնել մեր ոգեւորութեան:
Առ այդ, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման պայքարին ամբողջութեամբ յանձնառու հայորդիներու աջակցութեամբ, «Էսէմպլի»ի «Էյ.Ճէյ.Ար. 32» բանաձեւի հաստատման լուրը պիտի աւետէ ամբողջ Քալիֆորնիոյ հայութեան՝ աննախադէպ ծաւալով տարածելով թերթը:
Այո՛, մեր ոգեւորութիւնը պիտի թեւածէ ամբողջ Քալիֆորնիոյ տարածքին: Այս քայլով նաեւ մենք մեր հայրենակիցներուն հետ պիտի կիսենք Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձի ցնծութիւնը: Պատմական յաղթանակ մըն էր Շուշին, սակայն այդ յաղթանակին տարողութեան, նշանակութեան գիտակցութիւնը տակաւին չե՛նք ցուցաբերած իբրեւ ազգ: Այլապէս՝ Շուշին ալ ծաղկած պէտք է ըլլար, ազատագրուած բոլոր տարածքները կենսալի աւաններու բնակչութեամբ պիտի խայտային:
Մեր այս քայլով, մենք կ՛ուզենք մեր համոզումն ու հաւատքը հասցնել մեր հայրենակիցներուն՝ վստահեցնելով անոնց, որ յոյսն ու ոգին չեն կրնար լքել մեզ ու մենք, միասին, պիտի շէնցնենք Արցախ աշխարհը, պիտի հզօրացնենք մեր հայրենի երկիրը:
Մեր այս քայլով նաեւ մեր խնդրանքը պիտի փոխանցենք մեր հայրենակիցներուն, որ չբաւարարուին լուսանցքի վրայ կանգնելով ու Հայ Դատի յանձնախումբի տղոց ու աղջիկներուն յաջողութիւնները ծափահարելով, այլ՝ անպայմա՛ն իրենց զօրակցութիւնը, իրենց ոգեւորութիւնը վերածեն շօշափելի աջակցութեան: Միասին հրաշքներ կրնանք գործել: Մի՛ կասկածիք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.