
ՄՈՍԿՈՒԱ, ՏՈՆԵՑՔ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Մայիս 6ին, Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով հաղորդեց, թէ ռուսամէտ ուժերու հակակշիռին տակ ինկած Սլովիանսք քաղաքը վերագրաւելու գործողութեան ընթացքին ցարդ առնուազն 30 ռուսամէտ զինեալներ սպաննուած են, մինչ մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, թէ ուքրանական բանակը 4 զոհ տուած է եւ կորսնցուցած է ռազմական ուղղաթիռ մը եւս:
Արեւելեան Ուքրանիոյ Սլովիանսք քաղաքի մուտքին գտնուող ռուսամէտ զինեալները, ուքրանական ուժերու յարձակումներուն պատճառով նահանջած են: Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ կառավարական ուժերը գրաւած են քաղաքի արուարձաններուն մէջ գտնուող պատկերասփիւռի աշտարակը:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերը կը փորձեն իրենց հակաշիռին տակ պահել Օտեսան, ուր անցած շաբաթավերջին 46 հոգի մահացած էր այրող շէնքի մը մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երեքշաբթի օր դատապարտեց Արեւմուտքի լռութիւնը այդ ոճիրին դէմ՝ զայն ազգայնամոլութեան ցուցանիշ մը նկատելով: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց, թէ ցարդ ոչ մէկ պաշտօնատար ձերբակալուած է այս ոճիրին կապակցութեամբ:
Յայտնենք, թէ զոհերուն մեծ մասը ռուսամէտ ցուցարարներ էին, որոնք բանտարկուած էին աշխատաւորական միութեան մը շէնքին մէջ:
Երեքշաբթի օր Ուքրանիոյ իշխանութիւնները պաշտօնազրկեցին շրջանի կառավարիչը, իսկ Օտեսա քաղաքի ոստիկանապետը Շաբաթ օր պաշտօնազրկուեցաւ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ հրատարակած իր «Սպիտակ Գիրք»ին մէջ նշած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ անօրինականութեան շարունակութիւնը կրնայ ամբողջ Եւրոպային մէջ տագնապներ սրել:
«Համոզուած ենք, որ Ուքրանիոյ մէջ անօրինականութեան շարունակութիւնը կրնայ վերածուիլ շրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան լուրջ սպառնալիքի՝ յանգեցնելով միջազգային եւ ազգամիջեան հակասութիւններու եւ տագնապներու աճի, թէ՛ Ուքրանիոյ մէջ, եւ թէ Եւրոպայի տարածքին», ըսուած է զեկուցումին մէջ:
«Յոյս ունինք, որ վերջապէս այս մէկը պիտի հասկնան միջազգային կառոյցները, որոնք, իրենց լիազօրութեանց ծիրին մէջ, պէտք է ներդրում ունենան մարդկային իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներու առարկայական եւ չքաղաքականացուած հետաքննութիւններու կատարման եւ Ուքրանիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքի խնդիրի լուծման: Մեղաւորները պէտք է իրենց արժանի պատիժը կրեն: Հակառակ պարագային՝ ծայրայեղականները կրնան վտանգաւոր խրախուսական ազդանշան ստանալ», ըսուած է հոն:
Մոսկուա Քիեւի եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է «միացեալ ջանք» թափելու՝ վերջ տալու համար «ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան, ցեղային անհանդուրժողականութեան եւ նացիներու փառաբանութեան»: