ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ ողջունեց Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին նեցուկ կանգնելու կապակցութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խոր-հրդարանի Կանոնադրութեան յանձնախումբին որդեգրած բանաձեւը:
«Երկար ժամանակէ ի վեր նեցուկ կը կանգնիմ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ կը դրուատեմ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող խորհրդարանի Կանոնադրութեան յանձնախումբի սոյն քայլը», յայտարարած է Շիֆ՝ միաժամանակ կոչ ընելով խորհրդարանի լիագումար նիստին, որ անյապաղ վաւերացնէ բանաձեւը:
Ինչպէս նշած էինք, Երկուշաբթի, Մայիս 5ին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Կանոնադրութեան յանձնախումբը պատմական քուէարկութեամբ մը նեցուկ կանգնած էր Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան՝ միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ նմանապէս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը եւ նեցուկ կանգնին անոր ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու ջանքերուն:
Յիշեցնենք, որ թիւ AJR-32 բանաձեւը ներկայացուած է խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ եւ անոր ի նպաստ քուէարկած են Կանոնադրութեան յանձնախումբի 11 անդամներէն 9ն, մինչ անոր ընդդիմացած է մէկ խորհրդարանական եւ 11րդը ձեռնապահ մնացած է:
Բանաձեւը Մայիս 8ին պիտի քննարկուի եւ քուէարկութեան դրուի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.