ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Չորեքշաբթի, Մայիս 7ին, նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի յաջորդ նիստ մը նշանակեց Հինգշաբթի, Մայիս 15ին, կէսօրուան ժամը 12ին, որովհետեւ դարձեալ բաւարար երեսփոխաններ (86) ներկայ չեն եղած նիստին: Ապրիլ 30ին եւս, նախագահի ընտրութեանց նիստը նոյն պատճառվ յետաձգուած էր, իսկ անկէ շաբաթ մը առաջ, ոչ մէկ թեկնածու կրցած էր բաւարար թիւով քուէներ ապահովել նախագահ ընտրուելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.