ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մայիս 7ին, ԵԱՀԿի նախագահ Տիտիէ Պուխալթերի հետ հանդիպում մը ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, արեւելեան եւ հարաւային Ուքրանիոյ բնակչութեան կոչ ըրաւ, որ Ուքրանիայէն անջատուելու շուրջ Մայիս 11ին ծրագրուած հանրաքուէն յետաձգուի, որպէսզի կարելի ըլլայ Քիեւի իշխանութեանց հետ բանակցելու յարմար պայմաններ ստեղծել:Միաժամանակ, Փութին Քիեւի կոչ ըրաւ անմիջապէս կասեցնելու ռուսամէտ շրջաններու բնակչութեան դէմ ուժի կիրարկումը՝ ազդարարելով, թէ նման քայլեր կացութիւնը աւելիով պիտի վատթարացնեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.