
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Մայիս 11ին, կ.ե. Ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA, 91214) տեղի պիտի ունենայ այժմէական դասախօսութիւն մը, դոկտ. Հրայր Տէօքմէճեանի մատուցմամբ:
«Միջին Արեւելքի քաղաքական ապագան՝ ամերիկեան եւ հայկական դիտանկիւնէն» խորագրուած դասախօսութեամբ, դոկտ. Տէօքմէճեան պիտի վերլուծէ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները՝ ելակէտ ունենալով միջազգային յարաբերութիւններու տարբեր տեսութիւնները՝ աշխարհաքաղաքականութիւն, «խաղի տեսութիւն» եւ կապուածութիւն, ինչպէս նաեւ տնտեսաքաղաքական եւ հոգեբանական զարգացումներու ազդեցութիւնը ղեկավարներու եւ ժողովուրդներու վրայ:
Գլխաւոր հարցը, որուն վրայ պիտի կեդրոնանայ դասախօսը, պիտի ըլլայ այն, որ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգները, իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստանն ու հայերը ինչպէ՞ս պէտք է գնահատեն ու ճիշդ հաշուարկեն իրենց կարճատեւ եւ միջին հեռաւորութեան շահերը, նկատի ունենալով շրջանի հաւանական զարգացումները:
Դոկտ. Տէօքմէճեան քաղաքական գիտութիւններու փրոֆեսէօր է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ եւ հիմնադիր տնօրէնն է այդ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքին: Ան ամերիկեան բանակի վեթերան է, աշխատած է որպէս վերլուծաբան եւ խորհրդատու՝ ամերիկեան դաշնակցային հաստատութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան ընկերութիւններու եւ օտար կառավարութիւններու մօտ: Դոկտ. Տէօքմէճեան վկայուած է «Քոլոմպիա» համալսարանէն եւ անոր ուսուցման եւ հետազօտութիւններու բնագաւառը կ՛ընդգրկէ քաղաքական ղեկավարութիւն, Եղեռնի ուսումնասիրութիւն, ահաբեկչութիւն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւն, Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւն, հայկական ուսումնասիրութիւններ եւ ռազմական վտանգներու ուսումնասիրութիւններ:
Դոկտ. Տէօքմէճեան հեղինակ եւ համահեղինակ է շարք մը յօդուածներու եւ գիրքերու, որոնցմէ կարելի է թուել՝ «Spectrum of Terror» (2007), «The Just Prince: A Manual of Leadership» (2003), «Troubled Waters: Ethnic Lobbies in U.S. Foreign Policy» (1997), «Islam in Revolution» (1985,1995), «Patterns of Political Leadership» (1975) եւ «Egypt Under Nasser» (1971, 1972): Դոկտ. Տէօքմէճեան կը ծառայէ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ, որպէս սարկաւագ եւ խմբավար-դպրապետ:
Այս կարեւոր դասախօսութիւնը կազմակերպած է Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը: Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ անգլերէն լեզուով: Ձեռնարկը կը հովանաւորեն տէր եւ տիկ. Ճան եւ Լիոնորա Հայրապետեանները: Դասախօսութեան մուտքը ազատ է:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցւոյ)