ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի խորհուրդի թեկնածու Վարդան Կարապետեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ազգ. առաջնորդարան։ Ան եկած էր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը ստանալու։ Հանդիպումին ներկայ էր Ազգ. վարչութեան անդամ տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան։ Յարգելի հիւրին կ՛ընկերանար Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։
Վարդան Կարապետեան երկար տարիներու ծառայութիւն ունի մեր գաղութէն ներս։ Ան իր թեկնածութիւնը դրած է քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ եւ ներկայիս գանձապահ Ռաֆֆի Մանուկեանի ձգած թափուր աթոռին համար։ Յայտնենք, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 3ին։
Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Վարդան Կարապետեանի ապագայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.